Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

100 Նուիրատուներ Հնարաւորութիւն Ունին Միանալու «Աւրորա» Մրցանակին

100 նուիրատուներ հնարաւորութիւն ունին միանալու «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակին` 7.000.000 տոլար նուիրաբերելով դժուարութեան մէջ գտնուող երախաներուն:

«Աւրորա» մրցանակով մենք` հայերս, մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք աշխարհին, որ մէկ դար առաջ մեր ազգին օգնեց արժանապատիւ ապագայ կառուցելու: Այսօր աշխարհի մէջ միայն 100 նուիրատուներ ունին բացառիկ հնարաւորութիւն միանալու երախտագիտութեան շղթային` 70.000ական տոլար նուիրաբերելով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող երախաներու կրթաթոշակային ֆոնտին` անոնց տալով հնարաւորութիւն սորվելու UWC (Աշխարհի միացեալ քոլեճներ) 14 քոլեճներէն մէկուն մէջ», «Մետիամաքս»ին ըսած է 100 LIVES նախաձեռնութեան եւ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեան:

«Աւրորա» մրցանակը (The Aurora Prize for Awakening Humanity) պիտի շնորհուի Ապրիլ 24-ին, Երեւանի մէջ: Անոր պիտի նախորդեն երկօրեայ ձեռնարկներ` միջազգային կազմակերպութիւններու եւ բարձրաստիճան հիւրերու մասնակցութեամբ: Մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի համանախագահներ Նոպէլեան դափնեկիր Էլի Վիզելը եւ մարդասէր ու օսկարակիր դերասան Ճորճ Քլունին, նոյնպէս ներկայ պիտի գտնուին ձեռնարկներուն` ազդարարելով դափնեկիրին անունը: Այս 100 նուիրատուները պիտի միանան երկօրեայ ձեռնարկներուն` դառնալով համաշխարհային մարդասիրական շարժման մասնակից եւ իրենց ներդրումը ունենալով աշխարհը բարեփոխելու ջանքերուն:

«Մերձաւոր Արեւելքը այսօր դժուարին կացութեան մէջ է, եւ մենք պարտաւոր ենք միանալու աշխարհին` հնարաւորինս աջակցելու անոնց: Մենք երախտապարտ ենք Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն, մէկ դար առաջ տեղահանուած հայերուն ապաստան տրամադրելու համար եւ վստահ ենք, որ այս մարդասիրական քայլին պատրաստ են միանալու շատերը», աւելցուցած է Նուպար Աֆէյեան:

«Աւրորա» մրցանակը կը շնորհուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունէն եւ ի երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք մեկնեցին հայ ժողովուրդին: Մրցանակին պիտի արժանանայ այն հերոսը, որ անձնուիրաբար կ՛օգնէ մարդոց այսօր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին