Այսօր կը մեկնարկէ «Մոլորակի ժամ» համաշխարհային բնապահպանական արշաւը, որուն նպատակն է հասարակութիւնը, գործարար աշխարհը, համայնքները եւ այլ շահագրգիռ կողմեր միաւորել` լոյսերը մէկ ժամով անջատելու գաղափարին շուրջ` յանուն մեր մոլորակի կենսական պայմաններու եւ աղբիրներու պահպանման:
Ըստ armradio-ի արշաւին Հայաստանը կը մասնակցի արդէն 8-րդ անգամ եւ այս տարի արշաւին միացած են Աբովեան, Արարատ, Արմավիր, Արտաշատ, Դիլիճան, Էջմիածին, Գաւառ, Գորիս, Գիւմրի, Հրազդան եւ Վանաձոր քաղաքները:
Ըստ բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Կարէն Մանուէլեանի, այսօր տեղական ժամանակով 20:30-էն մինչեւ 21:30 մէկ ժամով պիտի անջատուի մայրաքաղաքի շէնքերուն եւ խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձաններուն արտաքին, ինչպէս նաեւ փողոցային լուսաւորութիւնը: