Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Կայէնին Անէծքը Թուրքին Ճակատին Վրայ

                                                                              *ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Այն օրէն, որ մարդը Աստուծոյ պատուիրանն անտեսելով մեղքը ընդունեց իր էութեան մէջ, մարդասպանութիւնն եղաւ անոր՝ այդ մեղքին առաջին պտուղը: Կայէն սպաննեց իր եղբայր Աբէլը: Աստուած որպէս պատիժ, Կայէնի ճակատին վրայ նշան մը կնքեց, որով անոր ոճիրը պիտի ճանչցուէր ամբողջ մարդկութեան:

«Աշխարհի վրայ մեղքը ամենավատ բանը չէ՝ այլ, ամենավատը մեղքի ուրացումն է», ըսած է Արք. Ֆուլթոն Շին:  Հոգեբան, հեղինակ եւ դասախօս  Սքաթ Փէք,  իր հռչակաւոր գիրքին՝  «Քիչ Քալուած ճամբան»ի (A Road Less Traveled) մէջ կը բացատրէ, թէ մարդ արարածը ոչ միայն մեղանչական կամ սխալական է, այլ իր գործած մեղքին կամ սխալին կապակցութեամբ յարատեւ ուրացումի մէջ է:  Ան կը պատմէ, թէ ուսումնասիրութեան մը համար այցելած է Ամերիկայի այն բանտերը, ուր ցմահ դատապարտուած  ոճրագործներ բանտարկուած են: Ի հարկէ ցմահ պատիժ կը նշանակէ՝ մարդասպանութեամբ եւ կամ այլ մեծ ոճիրներով դատապարտեալներ: Ան հարց տուած է անոնց՝ յանցաւո՞ր էք: 90%ը  պատասխանած են, որ իրենք անմեղներ են եւ իրենց պարագաներու զոհերը: Փէք ծիծաղելով մարդկային այս իրավիճակին վրայ իր գիրքին մէջ կ’աւելցնէ ըսելով՝ եթէ այս պատժապարտները անմեղներ են, ուրեմն մենք՝ սովորական մարդիկս սուրբեր ենք: Իրականութիւն է, որ մարդ արարածը ընդհանրապէս չ՛ընդունիր իր սխալը: Բայց քաջութիւն եւ առաքինութիւն է զայն խոստովանիլն ու սրբագրելը:

Միջին Արեւելքի քաոսային եւ պղտոր իրավիճակին վրայ, նոր վատթարալի պատերազմի դաշտ մը եւս աւելցաւ՝ Թուրքիա-Սուրիա  սահմանային գօտիին թուրք-քրտական պատերազմը: Թրքական լրատուական միջոցները ամէն օր բարձրաձայն կ’աղաղակեն՝ կը բաւէ այլեւս զոհեր տանք: Ամէն օր մամուլն ու հեռուստակայանները մահացած թուրք զինուորներու պատկերներ կը ցուցադրեն, ինչպէս նաեւ անոնց ետին ձգած ընտանիքներուն ու փոքր զաւակներուն նկարները, որոնք իրենց ժողովուրդին զգացումները կը շարժեն: «Այս անմեղ մանուկներուն յանցանքը ի՞նչ է» վերնագիրներով կը բարձրաձայնէ թուրք մամուլը: Այո, իսկապէս այդ մանուկները յանցանք չունին…։ Ըստ իս ամբողջովին անմարդկային եւ անընդունելի է՝ նման պարագայի  մը դիմաց «սիրտ  պաղեցնել»: Բայց ի՞նչ էր հարիւր հազարաւոր հայ մանուկներուն յանցանքը, երբ անոնք ձեր՝ թուրքերու սուրերով նահատակուեցան եւ կամ որբ մնացին: Արդեօ՞ք մարդկութիւնը կրնայ ցաւակցիլ ձեզի հետ, երբ դուք մինչեւ այսօր տակաւին դիտումնաւոր կերպով կ’ուրանաք ձեր ոճիրը: Ոչ միայն այդ, այլ յամառօրէն կը շարունակէք ձեր ոճրագործութիւնը եւ բեմերէն յայտարարելով՝ հայը ձեր դէմ մղուած պատերազմին մէջ մեղսակից կը համարէք: Թրքական հպատակութիւն ունեցող հայերը եւ քիւրտերը դաւաճանութեամբ կ’ամբաստանուին, պարզապէս իրենց աղգային պատկանելութեան պատճառաւ:

Այնքան ատեն, որ Կայէնին անէծքի կնիքը կայ ձեր ճակատին վրայ, ոչ մէկ ձեւով իրաւունք ունիք մարդկային իրաւունքներու եւ կամ արդարութեան ու անմեղութեան մասին խօսելու: Ուր որ ալ երթաք, ձեր ճակատին վրայ եղող ոճրագործի կնիքը՝ ձեր ինքնութիւնը պիտի մատնէ: Վայել չէ ձեզի մարդկայնութեան կամ արդարութեան մասին խօսիլը, մինչեւ որ այդ կնիքին աղարտը մաքրէք ձեր ճակատէն: Այն ժամանակ միայն իրաւունք պիտի ունենաք խօսելու արդարութեան ու անմեղութեան մասին, այդ ժամանակ միայն ձեր հետ ցաւակցող ժողովուրդներ պիտի գտնէք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին