Մարտ 10էն «Աւրորա» մրցանակն ու Հայաստանի Հանրային ռատիոն սկսան «Երախտագիտութեամբ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունէն» ձայնասփիւռի նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետիամաքս»ը։
Անիկա Հանրային ռատիոյի եթերով պիտի սփռուի Երեքշաբթի (ժամը 17.12-ին) եւ Հինգշաբթի (ժամը 17. 27–ին) օրերուն: Հաղորդման կրկնութիւնը պիտի սփռուի Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ` համապատասխանաբար ժամը 11.12-ին եւ 11.27-ին:
Ապրիլ 24ին Երեւանի մէջ կայանալիք «Աւրորա» համաշխարհային մրցանակի անդրանիկ մրցանակաբաշխութեան ընդառաջ, ձայնասփիւռի նախագիծը պիտի ներկայացնէ նախաձեռնութեան նպատակն ու առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն փրկուածներու եւ անոնց փրկողներուն պատմութիւնները: