Երեւան, 5 Մարտ 2016
Սիրելի՛ Սեւակ,
Կը յուսամ, որ լաւ ես ու ստեղծագործական վիճակի մէջ: Հետեւելով լրատուական ցանցին, կը զգամ, թէ ոմանք կը փորձեն աղտոտ ջուրի մէջ ձուկեր որսալ՝ անդամակցութիւն-մանդամակցութիւն խաղալով…։
Կը փափաքիմ այսօր իմ ստացած «Զարթօնք»ի եւ «ՌԱԿ Մամուլ»ի նիւթերուն առնչութեամբ կարգ մը նկատառումներ յանձնել ուշադրութեանդ:
Յունաստանի թեմի բարեջան Առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի մեծարանքի ցերեկոյթին ներկայ էի: «Զարթօնք»ն nւ «ՌԱԿ Մամուլ»ը յղում ընելով Սփիւռքի Նախարարութեան կայքին կը գրէ, թէ Սրբազանը 50 տարեկան եղաւ: Այս սխալը իր խօսքին մէջ թոյլ տուաւ նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանը: Ցերեկոյթին օրը Սրբազանին 51-րդ տարեդարձն էր: Այս սխալին համար անշուշտ, «Զարթօնք»ն nւ «ՌԱԿ Մամուլ» կայքը պատասխանատուութիւն չեն կրեր, բայց կ՛արժէ ճշդել Տիկ. Յակոբեանին թոյլ տուած սխալը, որպէսզի յետագային չմեծնայ ձիւնագնդակի նման եւ Խորէն Սրբազանը, անկախ իրմէ եւ իրականութենէն, փոքրանայ մէկ տարեկանով:
Շատ բարձր կը գնահատեմ Հրաչ Սեփեթճեանին ուղղած շնորհաւորագիրդ: Երանի՜ մեր ազգի մտաւորականութեան մէջ յարաբերութիւնները հիմնուին նման փոխադարձ յարգանքի եւ նոյնիսկ սիրոյ վրայ: Իմ կարգիս կը շնորհաւորեմ Հրաչը եւ իրեն կը մաղթեմ ամէն լաւն ու բարին իր այս նոր, ծանր, պարտաւորեցուցիչ, բայց եւ պատուաբեր առաքելութեան մէջ:
Գահիրէի լաւագոյն շէնքերու մասին լուրին մէջ տեղ գտած է կոպիտ սխալ մը: Վերջինս այնպիսի համաճարակի վերածուած է հայաստանեան մամուլին մէջ, որ անկէ ոչ միայն փրկութիւն չկայ կարծես, այլեւ սկսած է տարածուիլ նաեւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներով: Այս որոշակի պարագային, խօսքս կը վերաբերի Սաիտ Հալիմ կոչուած արարածը «արքայազն» կոչելուն: Հայաստանի լրատուամիջոցները գրեթէ առանց բացառութեան, մէկ կողմ նետած են «իշխան» ու «իշխանուհի» տիտղոսները եւ աջ ու ձախ կը շպրտեն «արքայազն» կամ «արքայադուստր» որակումները՝ փոխան «իշխան» եւ «իշխանուհի»ի: Օրինակ Մեծ Բրիտանիոյ թագուհիի երբեմնի հարս Տայանա իշխանուհին մեր սմսեղուկներուն «շնորհիւ» դարձաւ «արքայադուստր», մինչդեռ անոր հայրը բնաւ արքա չէ եղած: Նոյնը Սաիտ Հալիմի պարագային: Ան Եգիպտոսի խտիւ – ոմանք զայն «փոխարքայ» կը ներկայացնեն – Մուհամմէտ Ալիի, ծագումով ալպանացի ընտանիքի անդամ է եւ երբեք ալ արքայ հայր կամ նախահայր չէ ունեցած՝ մեր սմսեղուկներուն կողմէ արքայազն կոչուելու պատուին արժանանալու համար: Ի դէպ սա այն նոյն ճիւաղն է, որ Մեծ Եղեռնի առաջին տարիներուն Օսմանեան Տէրութեան մեծ վէզիրը կամ վարչապետն էր, դահճապետներէն մէկը մեր ժողովուրդին, որու համար ալ զգետնուեցաւ Արշաւիր Շիրակեանի կողմէ Հռոմի մէջ՝ 6 Դեկտեմբեր 1921-ին: Ուղղակի ընդվզեցուցիչ է, որ նման գազանին հայկական լրատուամիջոցները կ՛արժանացնեն յաւելեալ… պատիւի:
Ամէն արքայորդի կամ արքայազն ըստ էութեան կրնայ իշխան կոչուիլ, բայց հակառակը ճիշդ չէ. միայն թագաւորական ընտանիքի անդամները կրնան արքայազն կոչուիլ, եւ միայն թագաւորի որդիները՝ արքայորդի: Կը խնդրեմ նկատի ունենալ հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած այս եւ շատ ուրիշ սխալներ, միշտ գործի լծել տարրական տրամաբանութիւնը, լուրերուն մէջ գտնուող «մանրէ»ները զերծել եւ նոր միայն ներկայացնել տեղեկութիւնները մեր սփիւռքահայ զանգուածներուն:
Մօտ օրերս նորէն կը ղրկեմ հետաքրքրական դիւանական փաստաթուղթ մը՝ յատուկ «Զարթօնք»ին համար:
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ