*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլէնտէյլ-Փասատինա Մասնաճիւղի Վարչութիւնը հրաւիրած է՝ Նիւ Եորքի Սբ. Վարդան Տաճարի «Շուշի» պարախումբը, որ Ցեղասպանութեան նուիրուած իր ելոյթով հանդէս գայ, գաղութիս մշակութասէր հասարակութեան համար։
Անցեալ տարի «Շուշի» պարախումբը նոյն թեմայով հանդէս եկած էր Մոսկուայի, Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Նիւ Եորքի բեմերուն վրայ, մեծապէս տպաւորելով ներկաները։ Ամերիկայի արեւմտեան ափի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 10 Ապրիլ 2016-ի յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին, Կլէնտէյլի համանուն երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ թեմիս Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։
Վերոյիշեալ ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 60 պարմանուհիներ, ինչպէս նաեւ 7 հռչակաւոր երգիչներ Երեւանէն, Նիւ Եորքէն եւ Լոս Անճելոսէն։ Պարախումբի պարուսոյցն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Սեդա Փասքալեան-Քանթարճեանը, երաժշտական ղեկավարը Անդրանիկ Մուրատեանը, իսկ պատուոյ հիւրը պիտի ըլլայ հայրենի յայտնի յօրինող Արա Գէորգեանը։
Մեծածախս այս ձեռնարկի յաջողութեան համար դիմեցինք Թէքէեանի անդամներուն եւ բարեկամներուն, որպէսզի նիւթական իրենց աջակցութեամբ նեցուկ կանգնին մեզի։ Հոս պէտք է աւելցնել, որ դրական էր իրենց մօտեցումը եւ նոյնիսկ մեր ակնկալածէն աւելի։ Սակայն կարեւոր է նշել նաեւ, որ պատահեցան երկու անախոռժ դէպքեր, որոնք առանցքը պիտի կազմեն իմ գրութեանս։
Առաջին, մօտեցայ ինծի ծանօթ տիկնոջ մը, որ խոստացաւ 1,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել ու նաեւ գնել տասը տոմսակներ առաջնակարգ նստարաններէն։ Չափազանց ուրախացայ եւ այս լուրը անմիջապէս փոխանցեցի վարչական ընկերներուս։ Ափսո՜ս սակայն ուրախութիւնս շատ երկար պիտի չտեւէր, երբ մի քանի օրեր վերջ ան հեռաձայնեց եւ յայտնեց, թէ ոչ նուիրատուութիւնը պիտի կատարէր եւ ոչ ալ տոմս պիտի գնէր…։
Շուարած երբ հարցուցի, թէ ինչու, ան պատասխանեց՝ որովհետեւ այսինչ տիկինը ձեր կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ է։ Փորձեցի համոզել, որ ինք նուիրատուութիւնը պիտի կատարէր Թէքէեանին եւ ոչ թէ այդ տիկինին, սակայն մնաց անդրդուելի։ Տեսէք ոխակալութիւնը այնքան յառաջ գացած է, որ անձնական հաշիւներու հետապնդումով միութիւնն է, որ կը տուժէ եւ դժբախտաբար անոնց հոգը չէ երբեք։
Պէտք չէ մոռնանք բնաւ, որ միութեան մը պատկանող վարչականներն ու անդամները անցողական են, այսինքն կու գան ու կ՛երթան, սակայն միութիւնը հիմնական է ու կը մնայ։ Ուրեմն անհատի մը պատճառաւ պէտք չէ այպանել միութիւնն ու հեռանալ անկէ։
Երկրորդ, նիւթական օժանդակութիւն խնդրող նամակներ ուղարկած էինք մեր անդամներուն եւ բարեկամներուն։ Այդ նամակներուն մէջ կային նաեւ խոստումի կտրօններ եւ փոքր պահարաններ, որ իրենց «չէք»երը ներփակելով ուղարկէին մեզի։ Այս գործընթացը սովորական է եւ ընդունելի։
Մեզի ուղարկուած փոքր պահարաններէն մին երբ բացինք, զարմանքով վերահասու դարձանք, որ «չէք»ի փոխառէն անհատ մը մեզի ղրկած էր նամակ մը։ Նամակի բովանդակութիւնը սակայն ոչ նուիրատուութեան հետ առնչուած էր եւ ոչ ալ «Շուշի» պարախումբի ելոյթին։ Այլ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կը պախարակուէր՝ Լոս Անճելոսի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի փակման համար։
Սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ, որեւէ հայկական վարժարանի մը փակումը խոցելի է։ Բայց աւելի խոցելի է այդ երեւոյթը վախկոտբար մատի փաթթոց ընելը։ Վախկոտաբար ըսի, որովհետեւ այդ վատահամբար նամակը անստորագիր էր։ Բարեկամ, եթէ բան մը ունիս ըսելիք՝ քաջաբար ըսէ եւ մի՛ պահուըտիր անստորագիր նամակի մը ետին։
Արդեօք վերոյիշեալ դրուագները պարզապէս պատճառաբանութիւն են՝ նիւթական օժանդակութիւն զլանալու միութեան մը, որ կը ջանայ աննախընթաց ելոյթով մը ճոխացնել գաղութիս մշակութային կեանքը։ Եթէ ճիշդ է ենթադրութիւնս, ուրեմն իսկապէս հիւանդագին է մեր իրավիճակը՝ Սփիւռքի հայապահպանման այս դժուարին պայմաններուն մէջ։ Աստուած համբերութիւն տայ բոլորիս, ամէն։