Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Սարգիս Թոփալեանի «Երեւան» Տպարանի Եւ Հրատարակչատան Գործունէութեան 30Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Կլէնտէյլի Մէջ

Շաբաթ, Յունուար 23-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1-4, արտակարգ եռուզեռ ու խանդավառութիւն կը տիրէր Լոս Անճելոսի Իրանահայ Միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ, շուրջ 200 հանդիսականներու ներկայութեան: Սրահին պատէ պատ շարուած աթոռները անբաւարար գալով ներկաներուն համար, շատեր ոտքի  կանգնած հետեւեցան յայտագիրին:

Ձեռնարկը նախաձեռնող եւ կազմակերպող Մաշտոց գոլէճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, ողջունելէ ետք ներկայ խուռն բազմութիւնը ըսաւ. «Երախտագիտական ջերմ զգացումներով կ՛ողջունենք «Երեւան» հրատարակչատուն տպարանի հիմնադրութեան 30-ամեակը, ինչպէս նաեւ անոր ծնունդ տուող հիմնադիր Սարգիս Թոփալեանին հմուտ, հեռատես, իմաստուն եւ անգնահատելի ծառայութիւնը: Ուրախ ենք յայտնելու, որ «Երեւան»ը դարձած է հանդիպման վայրը եւ կեդրոնատեղին՝ հայ համայնքի ազգային, մշակութային, գրական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու, մտաւորականներու եւ գործարարներու, որոնք Սագոյին կը վստահին իրենց գրենական ու տպագրական աշխատանքները: Ահաւասիկ գեղեցիկ ժամադրավայր մը, ուր ջերմ ու անկեղծ մթնոլորտը ազգային միասնականութիւն կը բուրէ:

«Հաւաքուած ենք տօնակատարելու հանգրուան մը եւ դիմաւորելու նոր շրջան մը վերանորոգ յանձնառութեամբ, յոյսով ու հաւատքով  զինուած: Բարի երթ դէպի նորանոր հանգրուաններ «Երեւան»ին ու Սարգիս ճան, վարձքդ կատար»:

Իր խօսքի աւարտէն եըք դոկտ. Տէր Եղիայեան ընթացք տուաւ յայտագիրին:

Սագոյի շուրջ 35 տարիներու բարեկամ, ժամանակ մը գործընկեր, համայնքիս մամուլի երկարամեայ թղթակիցներէն Սարգիս Մաճառեան ըսաւ. «Իմ խօսքս պիտի ըլլայ Սագոյին հետ ունեցած անցեալ 35 տարիներու իմ գործակցութեան, տպաւորութիւններու եւ փորձառութիւններու մասին փաստացի ու անկեղծ վկայախօսութիւն մը»: Նշելէ ետք, թէ 35 տարիներ առաջ Սագոյին հանդիպեցաւ Հոլիվուտի Fountain պողոտային վրայ գտնուող՝ Վիգէն Պաղպուտարեանի Hye Type տպարանին մէջ Մաճառեան շարունակեց.

«Հակառակ պատանեկան 16-17 տարիքին, Սագոն դեռ այդ օրերէն զուսպ, բանիմաց, վստահելի եւ ինքնավաստահ վարքագիծ մը կը ցուցաբերէր իր մասնագիտութեան ու յարաբերութեան մէջ: Կը զգայիր, որ գործդ պատասխանատու, հասուն միտքով ու արժանիքներով, ուշադիր եւ բանիմաց պատանիի մը հետ է, որուն փորձառութիւնը զարգացաւ իր խստադատ վարպետին՝ Վիգէնի վերահսկողութեան ներքեւ: Չանցած քանի մը տարիներ՝ Սագոն Հոլիվուտի մէջ հիմնեց «Երազ»  տպարանը, կողքին ունենալով իր եղբայրը՝ Վրէժը: Ապա հայաշատ Կլէնտէյլ գալով Սագոն նախ հիմնեց «Սարքօ» տպարանը, որ շուտով դարձաւ «Երեւան» տպարան: Մինչ այդ՝ 1965ին, հազիւ մէկ տարեկան հասակին իր հօր՝ Պրն. Մեսրոպի (որ Հալէպի մէջ որպէս հնչակեան նուիրուած էր Հ.Մ.Մ.ի սկաուտական շարժման) եւ մօր՝ Խարբերդի զաւակ Տիկ. Եղիսաբէթի, ինչպէս նաեւ իր եղբայրներուն՝ Մուրատի, Վրէժի ու քրոջ՝ Սիրունի հետ կը ներգաղթեն Մայր Հայրենիք: Նախքան Կիրովական (այժմ Վանաձոր) հաստատուիլը, ճանապարհին Պաթումի մէջ կը ծնի Թոփալեաններու երկրորդ դուստրը՝ Արմենուհին, ապա Վանաձորի մէջ տան չորրորդ մանչը՝ Յակոբը: 1975-ին Ամերիկա տեղափոխուելէ ետք, Սագոն 1989-ին Հայաստան այցելելով կը ծանօթանայ իր կեանքի ընկերուհիին՝ Լուսինէ Յարութիւնեանին: Կ՛ամուսնանան եւ կը վերադառնան Լոս Անճելոս, հետագայ տարիներուն կեանք տալով Մեսրոպին ու Սոնային: Մեսրոպը հօրը՝ Սագոյին աջ բազուկը դառնալու վրայ է «Երեւան» տպարանին մէջ, իսկ Սոնան կ՛ուսանի Ռիվըրսայտ համալսարանը:

«Սագոյին մաքուր, արժանապատիւ, իր շրջապատին լռիկ-մնջիկ օգտակար ըլլալու մարդկային ընտիր բնաւորութիւնն ու վարքագիծը ամէն գնահատանքի արժանի է: Ան Աւետարանին «աջ ձեռքով տուածդ ձախը պէտք չէ իմանայ» պատգամը լիարժէք գործադրող՝ պարզ ու համեստ հոգի մըն է, հեռու ցուցամոլութենէ, եսասիրութենէ եւ շահամոլութենէ: Իսկապէս Սագոն իր սիրտին մէջ մարդկային բացառիկ որակներ կրող, թաքուն կարողութեանց հոգի մըն է: Անշուշտ այդ կարողութիւնները կու գան հայ աւանդական ընտանիքի զաւակ ըլլալու իր արմատներէն. մայր երկիրի, անոր ժողովուրդի հոգեկան ակունքներէն, կեանքի մարտահրաւէրները դիմակայելու միշտ պատրաստ, աննկուն եւ հաստատ կամքէն: Զինուած ցեղային այս ընտիր ժառանգութիւններով, հաւատարիմ իր էութեան, կասկած չունիմ, որ Սագոն պիտի շարունակէ վերելքէ վերելք առաջնորդել «Երեւան» տպարան/հրատարակչատունը՝ առողջ, բարեխիղճ ու անսակարկ ոգիին ու պիզնեսին միացնելով մարդկայնական վեհ սկզբունքներով առաջնորդուող իր ծառայութիւնները», եզրակացուց Ս. Մաճառեան:

Ապա Սագոյին եւ «Երեւան» տպարանի անձնակազմին ուղղուած շնորհաւորական ու շնորհակալական ջերմ արտայայտութիւններով՝ յաջորդաբար հանդէս եկան գրողներ, հասարակական դէմքեր, խմբագիրներ, արուեստագէտներ, հեռուստաժամերու հաղորդավարներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Ներսէս Տէր Մեսրոպեան, Թորոս Բարսեղեան, Թորգոմ Փօսթաճեան, Տիգրան Սարաֆեան, Վազգէն Վանատուր, Թոմիկ Ալեքսանեան, Յովհաննէս Բալայեան, Վիգէն Ղազարեան, Արա Ահարոնեան, Սուրիկ Ղազարեան, Ռաֆիկ Համբարձումեան, բարեշնորհ Վահէ սրկ. Չարխթեան, Սոնա Տիգրանեան, Սիլվա Օհանեան, Նունէ Աւետիսեան, Սոնա Թոփալեան, Թամար Անէսեան, Մարաթ Հայրապետեան, Վարդան Կարապետեան (Սագոյի  հայ սքուլի դասընկերը), Անահիտ Ներսիսեան, Սվետլանա Տօնապետեան, Գէորգ Չաքմանեան (որ իր խօսքին միացուց ժողովրդական երգ մը), Յովհաննէս Բաբախանեան (որ արտասանեց նաեւ «Հայու հոգին» բանաստեղծութիւնը), Արփի Արփաճեան (որ յայտնեց Մաշտոց Գոլէճի տիկնանց յանձնախումբի շնորհակալութիւնը) եւ հուսկ արժանապատիւ Տ. Մանուկ աւագ քահանայ Մարգարեան, որ Սփիւռքի նախարարութեան Յակոբ Մեղապարտի անուան մետալը յանձնելէ ետք Սարգիս Թոփալեանին յայտնեց, թէ  Հոլիվուտի Վայն Պողոտայի վրայ գտնուող Յովհաննու Կարապետ մայր եկեղեցիի նոր կառուցուելիք դրան վրայ, որպէս բարերարներ պիտի արձանագրուին Տէր եւ Տիկ. Սարգիս եւ Լուսինէ Թոփալեաններու անունը:

Բոլոր ելոյթ ունեցողներուն խօսքերը դիմաւորուեցան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով: Ապա դոկտ. Տէր Եղիայեան յայտնեց, թէ այս առթիւ ստացուած են բազմաթիւ շնորհաւորագիրեր, մետալներ, նամակներ՝ դաշնակցային, նահանգային, տեղական մարմիններէ, Սփիւռքի նախարարութենէն (Յակոբ Մեղապարտի մետալը): Այսպէս՝ շնորհաւորագիրեր ղրկած էին ծերակուտական Տայէն Ֆայնըսթայն, գոնկրեսականներ Էտէմ Շիֆ, Պրէտ Շըրմըն եւ Պարպարա Պաքսըր, նահանգային ծերակուտական Քարոլ Լիու, էսսէմպլիմէն եւ Գոնկրէսի թեկնածու Քաչօ Աչաճեան, Լոս Անճելըս Գաւառի վերակացու Մայք Անթոնովիչ,  Կլէնտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Փասատինայի քաղաքապետ Թէրի Թըրնէք, Պըրպէնքի քաղաքապետ Պապ Ֆրութց, Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, «Համայնապատկեր» ամսագիրի խմբագրութիւնը, ԱՄՆի Հայ գրողներու միութիւնը, Ղարաբաղի պատերազմի վեթերաններու միութիւնը (Հայրենիքի պաշտպանութեան Ասպետաց Ասպետ շքանշանը) եւ Մաշտոց Գոլէճը:

Դոկտ. Եղիայեանի ջերմ խօսքերով ամպիոն հրաւիրուելով, օրուան մեծարեալը՝ Սարգիս Թոփալեան յայտնապէս յուզուած, երեք կարճ այլ շատ խօսուն բառերու մէջ խտացուց իր զգացումները.

-Վաո՜ւ… շնորհակալութիւն բոլորիդ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ Lady Bug Catering-ի կողմէ պատրաստուած համադամ ու ճոխ պատառիկներով հիւրասիրութիւն:

Առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել, որ Սարգիս Թոփալեանի  տպագրական/հրատարակչական եւ «Երեւան» տպարանի հիմնադրման 30-ամեակին նուիրուած այս հանդիսութիւնը, իր տեսակին մէջ եզակի տօնակատարութիւն մըն էր:

                                     _DSC0197

IMG_0725

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին