Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Alphabet-ը Առաջ Անցած Է Apple-էն Եւ Դարձած Աշխարհի Ամենաթանկ Ընկերութիւնը

Alphabet Inc. holding-ը, ուր ընդգրկուած է նաեւ Google-ը, դարձած է ամենաթանկարժէք ընկերութիւնը աշխարհի մէջ` առաջ անցնելով Apple ընկերութենէն, կը հաղորդէ Tert.am-ը վկայակոչոլով BBC-ն:

Ֆինանսական տարուան չորրորդ եռամսեակի մասին զեկոյցի հրապարակումէն ետք, Alphabet-ի բաժնետոմսերը վաճառքներու փակումէն յետոյ աւելցած են 9%-ով:

Այդպիսով ընկերութեան արժէքը աւելցած է մինչեւ 568 միլիառ տոլար, մինչդեռ Apple-ը կը գնահատուի 535 միլիառ տոլար:

Կը նշուի, որ աշխարհի ամենաթանկ ընկերութեան դրօշակը արդէն քանի մը տասնամեակ կը պատկանի ամերիկեան արուեստագիտական ձեռնարկութիւններուն: Apple ընկերութիւնը կը պահպանէր աշխարհի ամենաթանկ ընկերութեան կոչումը 2010-էն սկսեալ, երբ առաջին տեղէն դուրս մղեց Microsoft ընկերութիւնը, որ իր հերթին 20 տարի առաջ առաջ անցած էր IBM-էն:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին