Թուրքիոյ Սիվաս (Սեբաստիա) քաղաքի հայկական գերեզմանոցին մէջ մաքրութեան եւ բարեկարգման աշխատանքներ կատարուած են: Ըստ ermenihaber.am-ի թրքական Haberler.com լրատուակայքը կը հաղորդէ, որ աշխատանքները իրականացած են Թուրքիոյ աշխատանքի եւ զբաղուածութեան կոմիտէի ու քաղաքային իշխանութիւններու համատեղ ծրագիրի ծիրէն ներս:
«Հանրօգուտ աշխատանք» անուամբ ծրագիրի ծիրէն ներս, կը նախատեսուի մաքրուած տարածքներուն մէջ ծառատունկ կատարել: Աղբիւրին համաձայն խումբ մը հայեր այցելած են աշխատանքի եւ զբաղուածութեան կոմիտէի տնօրէն Նուրէթթին Կէոքսալին եւ շնորհակալութիւն յայտնած կատարուած աշխատանքներուն համար: Իսկ Կէոքսալ տեղեկացուցած է, որ բարեկարգման աշխատանքները պիտի շարունակին նաեւ գարնան:
«Մեր աշխատանքներուն մէջ որեւէ խտրականութիւն չենք դներ: Մենք պարզապէս մեր դրացիական պարտքը կը կատարենք 800 տարուայ պատմութիւն ունեցող Սիվասաբնակ մեր հարեւաններուն նկատմամբ», նշած է տնօրէնը: