Եւրոպացի զբօսաշրջիկները Թուրքիոյ, Թունիսի եւ Եգիպտոսի մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով կը նախընտրեն անվտանգութեան առումով աւելի ապահով երկիրներ երթալ:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, թրքական «Milliyet թերթը ներկայացուցած է Հոլանտայի վիճակագրական ծառայութեան հետազօտութեան տուեալները, որոնք կը մատնանշեն Թուրքիոյ, Թունիսի, Եգիպտոսի մէջ եւրոպացի զբօսաշրջիկներու քանակի նուազման ցուցանիշները եւ պատճառները:
Թունիս մեկնող զբօսաշրջիկներուն թիւը էականօրէն նուազած է նախորդ տարի իրականացուած պայթիւններէն ետք: 2015 թուականի 3-րդ եռամսեակին եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է 80%-ով: Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան ոլորտը նոյնպէս տուժած է ահաբեկչական յարձակումներու եւ պայթիւններու պատճառով: Այդ երկիր այցելող եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն հոսքը կրճատուած է ուղիղ կէսով:
Ըստ հոլանտական կազմակերպութեան հետազօտութեան արդիւնքներուն` եւրոպացի զբօսաշրջիկները չեն ցանկար այցելել նաեւ Թուրքիա, որ նախապէս կը համարուէր ամենահրապուրիչ ուղղութիւններէն մէկը: Կը նշուի 2 պատճառ. սուրիական պատերազմը եւ փախստականներու ճգնաժամը, վերջիններս Եւրոպա կ՛անցնին հիմնականօրէն Թուրքիայէն եւ Յունաստանէն:
Ներկայացուած տուեալներուն համաձայն` նախորդ տարիներուն համեմատ 2015 թուականին միայն Հոլանտայէն Թուրքիա այցելողներուն թիւը նուազած է 100 հազարով (մօտ 15 տոկոս): Կը սպասուի, որ այս տարի Թուրքիա այցելող եւրոպացի զբօսաշրջիկները թիւը աւելի նուազի:
Կը նշուի, որ, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած, գերմանացիները, անգլիացիները եւ պելճիքիացիները հիմնականօրէն կը նախընտրեն Սպանիան, Իտալիան, Ֆրանսան եւ Փորթուկալը: Նշեալ երկիրներուն մէջ հիւրանոցները գրեթէ լեցուն են: