Ուքրանիոյ Չեռնիկով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած խաչքարի բացման արարողութիւն:
Խաչքարը տեղադրուած է Քրիստոսի ծննդեան եկեղեցւոյ բակին մէջ: Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Դաւիթ Մկրտչեան յայտնած է, որ ձեռնարկին մասնակցած են հայ եւ ուղղափառ հոգեւորականութեան, տեղի հայկական համայնքի եւ քաղաքի ներկայացուցիչներ:
Նշենք, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակը 2014-2015 թուականներուն՝ Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործունէութեան գերակայ ուղղութիւններէն էր: Միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանի առաջարկով, Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու համակարգման համար յատուկ յանձնաժողով մը ստեղծուած է, որ կը զբաղի յիշատակի միջոցառումներու կազմակերպմամբ: Նախաձեռնուած են եկեղեցիներու բակերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններու տեղադրման աշխատանքներ, կը յայտնէ «Արցախփրես»ը վկայակոչելով Genocide.org.ua-ն: