Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Չճանչնալը Կը Բխի Քաղաքական Խնդիրներէ

Յունուար 27-ը Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակի օրն է: Աշխարհի աւելի քան 30 երկիրներու մէջ, ներառեալ Հայաստանի, այդ օրը կը կազմակերպուին բազմաթիւ յիշատակի ձեռնարկներ:

Ըստ «Արմէնփրես»ի Հայաստանի հրէական համայնքի նախագահ Ռիմա Վարժապետեան յայտնած է, թէ Հայաստանի հրէական համայնքը Յունուար 27-ին, ՄԱԿ-ի Հայաստանի գրասենեակի հետ յիշատակի ձեռնարկ պիտի իրականացնէ Երեւանի մէջ։

«Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս անգամ եւս պիտի հաւաքուինք Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոսթին նուիրուած յուշահամալիրին մօտ, ծաղիկներ պիտի խոնարհենք` յարգելով  միլիոնաւոր նահատակուած հրեաներու յիշատակը», ըսած է Ռիմա Վարժապետեան:

Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի այլ հատուածներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` Ռիմա Վարժապետեան նշած է, որ այսօր գլուխ կը բարձրացնեն նացիական ուժերը, հաւանաբար մոռնալով 20-րդ դարու դաժան իրողութիւնները:

«Մենք ականատես կ՛ըլլանք ցաւալի զարգացումներու մերձաւոր Արեւելքի եւ այլ երկիրներու մէջ: Եւ եթէ մենք այսօր չըսենք «այլեւս երբեք», ուստի չի բացառուիր, որ կրկնուին Հոլոքոսթի տարիները», ընդգծած է Ռիմա Վարժապետեան:

Հայաստանի մէջ հրէական համայնքի նախագահի տեղակալ Կարէն Յովհաննիսեանի խօսքով, 1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութենէն, իսկ յետագային նաեւ Հոլոքոսթէն՝ ցաւօք աշխարհը դասեր չէ քաղած: «Կը շարունակուին դաժան իրադարձութիւները: Տեսանք, թէ ինչ եղաւ Ափրիկեան որոշ երկիրներու մէջ, այսօր լարուած իրավիճակ է Եւրոպայի մէջ: Կը կարծեմ, որ այդ ամէնը պէտք է նպաստէ, որպէսզի սթափ մտածող մարդիկ վերյիշեն անցեալը եւ ընեն ամէն ինչ՝ բացառելու համար նախկին սեւ էջերը», ըսած է Կարէն Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչու Իսրայէլը մինչեւ հիմա չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Կարէն Յովհաննիսեան նշած է, որ քաղաքականութեան խնդիր կայ: «Իսրայէլի մէջ իրականացուած հարցման համաձայն, հասարակութեան մեծ մասը կողմ է, որ Իսրայէլը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ցաւօք, շատ ժամանակ քաղաքական գործիչներու եւ  հասարակութեան կարծիքները կը տարանջատուին: Շատ քաղաքական գործիչներ նախընտրական շրջանին կ՝ըսեն, որ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց հազիւ ընտրուին այդ մասին կը մոռնան», ըսած է Կարէն Յովհաննիսեան: Հրէական համայնքի ներկայացուցիչները այդ գործընթացին մէջ կարեւոր համարած են ժողովրդական դիւանագիտութեան դերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին