Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցին Կը Փլուզուի Գանձ Որոնողներու Թիրախը Յայտնուելու Պատճառով

1800ական թուականներուն պատմական Երզնկայի մէջ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին, գանձ որոնողներու փորած փոսերուն պատճառով աւերակի վերածուած է, Tert.am-ի հաղորդմամբ գրած է «Ակօս»ը:

Երկար տարիներ ճակատագիրի քմահաճոյքին յանձնուած եկեղեցին, վերջին օրերուն գանձ որոնողներու թիրախը յայտնուած է: Մեծ վնաս կրած եկեղեցին պահպանելու համար քայլեր կը ձեռնարկուին: Տեղի ոստիկանութիւնը պարզապէս կղպանք դրած է եկեղեցւոյ մուտքին:

Խնդիրի մասին բարձրաձայնած է յարակից գիւղի բնակիչներէն Թոլկա Կիւրիւնը:

Ան նշած է, որ եկեղեցւոյ սրբապատկերները գողցուած էին 5 տարիներ առաջ, որմէ ետք եկեղեցին իր ուշադրութիւնը գրաւած է:

Կեդրոնէն 15 քմ. հեռաւորութեամբ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները իրականացնելու համար, ներկայիս Էրզինճանի նահանգապետարանը յանձնարարական տուած է, սակայն նահանգապետի փոփոխութենէն ետք անիկա վերակառուցելու համար ոչ մէկ քայլ կատարուած է:

Վերջին հետազօտութիւնը ցոյց տուած էր, որ եկեղեցւոյ երկրորդ յարկին վրայ փլուզում տեղի ունեցած է, սակայն ընդհանուր առմամբ մեծ խնդիրներ չկան: Նշուած էր, որ վերակառուցումէն յետոյ անիկա հին տեսքին պիտի վերադարձուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին