Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Աղաւնօ Համայնքին Մէջ Պատրաստ է Առաջին Նորակառոյց Թաղամասը` Արիաւանը

Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ համայնքին մէջ կառուցուող 50 առանձնատուներէն 26-ը արդէն շահագործման յանձնուած են:

Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի տեղեկացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) քաղաքաշինութեան նախարարութենէն: Վերաբնակեցման գօտիի զարգացման ծիրին մէջ, ծրագիրը կեանքի կը կոչուի ԼՂՀ կառավարութեան, «ԱՐԻ» ընկերութեան եւ Արցախի ներդրումային հիմնադրամի համաֆինանսաւորումով:

Աղաւնոյի բնակիչները պիտի ունենան մշտական ջուր: Ծրագիրը եռափուլ է, իւրաքանչիւր փուլի կը նախատեսուի կառուցել 50 բնակելի առանձնատուն: Շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2013 թուականին, որ կ՛իրականացնեն «Արգիշտի», «Մեխտրանսպորտ», «Էլիտստրօ», «Եւրոստրօ», «Արմէն-շին», «Դենարտ», «Ստրոյգիգանտ» կապալառու ընկերութիւնները:

Նշենք, որ «ԱՐԻ»ն հիմնադրուած է 2009 թուականին լիբանանահայ գործարարներու կողմէ` Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու նպատակով:

Այս շրջաններու բնակիչները 2010 թուականէն կ՛օգտուին ընկերութեան` նպատակային փոխառութեամբ տրամադրուող նիւթական միջոցներէն: 6 տարիներու ընթացքին «ԱՐԻ»ն «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան հիմնադրամ»ի միջոցով, Քաշաթաղի ու Շահումեանի շրջաններուն մէջ շուրջ 1 միլիառ 260 միլիոն դրամի ծրագիրներ իրականացուցած է` արտօնեալ պայմաններով փոխառութիւններ տրամադրելով աւելի քան 1000 ընտանիքներու: Աւելի ուշ ընկերութիւնը ընդլայնած է ներդրումներու շրջանակը` ԼՂՀ կառավարութեան հետ համատեղ մասնակցելով Աղաւնոյի մէջ իրականացող բնակարանաշինութեան ծրագիրին:

Նախատեսուող 150 տուներէն 50ին կառուցումը կը մօտենայ աւարտին, որուն «ԱՐԻ»ն կը մասնակցի շուրջ 900 միլիոն դրամի ներդրումով: Բնակարաններուն մէկ մասը հասարակական ծրագիրներու ծիրին մէջ պիտի տրամադրուի վերաբնակիչներուն, իսկ միւս մասը պիտի վաճառուի գրաւադրութեան արտօնեալ պայմաններով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին