*ՎԱՐԴԳԷՍԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Շաբաթ, Յուլիս 19ին (2014) զօրաւոր անձրեւ, կայծակ եւ որոտումներ իրարու խառնուած արեւը կը հալածէին։
Այս մեր ուխտագնացութեան վերջընթեր օրն էր։ Առաւօտեան ժամը 10։00ի ատենները անձրեւը դադրեցաւ բայց մութ ամպերը տակաւին դարանակալ կը սպասէին վերը։ Արեւը երբեմն – երբեմն ամպերուն տակէն բարեւ կու տար մեզի եւ մեր ներողամտութիւնը կը հայցէր ստեղծուած անախորժ դրութեան համար։
Նախաճաշէն ետք իջանք վար՝ պանդոկին սպասման սրահին մէջ խումբի միւս անդամներուն սպասելու։ Ըսեմ, որ նախաճաշի ժամանակ մեզի սպասարկող աղջիկներն ու տղաքը շատ ազնիւ, ժպտուն եւ քաղաքավար էին։ Կարծէք մեր գիտցած բարբարոս թուրքերէն չէին սերած անոնք։
Պանդոկի դրան առջեւ քանի մը փերեզակներ անուշահոտ, կաշիէ վերարկու, կնոջական շալեր եւ այլ իրեր կը ծախէին։ Այս փերեզակները «թափեցան» մեր վրայ։ Ամէն մարդ իր ապրանքին գովքը կը հիւսէր։ Նայեցայ կաշիէ վերարկուներուն։ Լաւ ապրանք էին բայց գէշ կարուած։ Իւրաքանչիւր վերարկուի համար քսան թրքական ոսկի (տասը տոլար) ուզեց մարդուկը։ Թոռնիկներուս համար երեք հատ զատեցի։ «Քանի որ երեք հատ առիր, քեզի զեղչ պիտի ընեմ, միայն յիսուն հինգ ոսկի տուր», ըսաւ վաճառորդը։ Ըսի «երեքին համար միայն քսան ոսկի կու տամ»։ Քիչ մը եւս սակարկելէ ետք, քսանհինգ ոսկիի գնեցի վերարկուները։ Ուրիշ վաճառորդ մը կը փորձէր կնոջս՝ Ալիսին շալ ծախել։ Ալիսին բոլոր ճիգերը մարդէն ազատելու ապարդիւն կ՛անցնէին։ Մօտեցայ մարդուն, քանի մը հատ զատելէ ետք միայն մէկ հատին գինը առաջարկեցի բոլորին համար։ Մարդը քիթին տակէն հայհոյեց, հասկցաւ խաղս եւ ապրանքները հաւաքելով հեռացաւ։ Հոն էր նաեւ սուրիացի գաղթական մը, որ կ՛ուզէր մեր կօշիկները ներկել։ «Ընտանիք ունիմ, պզտիկներս անօթի են, ձեր կօշիկները ներկեմ, լաւ կ՛ըլլայ» կ՛ըսէր խեղճը։ Հակառակ, որ ներկուելիք կօշիկ չէինք հագած, «պաճանախ»իս հետ մարդուն ձեռքը քանի մը թրքական ոսկի սահեցուցինք։ Յիշեցինք, որ երբ ժամանակին մեր հայրերն ու մեծ հայրերը գաղթականներ էին, այս արաբ ազնիւ ժողովուրդը իրենց չունեցած հացէն մերիններուն ալ բաժին հանած էին։ Քանի մը թրքական ոսկի մեզի համար արժէք չուներ, բայց այս ազնիւ սուրիացիին զաւակներուն օրուան հացը կրնար գնել։
Իսթանպուլը իր շրջակայքով շուրջ15 միլիոն բնակիչ ունի։ Հսկայական քաղաք մը (150 X 75 km.) որ 2013-ին հիւրընկալած է նաեւ 3 միլիոն զբօսաշրջիկներ։ Կրնա՞ք երեւակայել միայն զբօսաշրջիկներէն եկած եկամուտը…։
Շրջեցանք Գարաքէօյի շրջանը, որ հրեաներով բնակուած է։ 1492-ին երբ Սպանիան հրեաները երկիրէն արտաքսեց, անոնք 3 ամիս նաւերու մէջ, Միջերկրական Ծովուն վրայ թափառելէ ետք, սուլթանը ընդունեց զանոնք եւ այդ շրջանը անոնց տուաւ բնակեցման համար։
Պէյօղլուի Թաքսիմհրապարակին ինքնաշարժներու խճողումըճիշդԼիբանանի պէս… ինքնաշարժները իրարմէ քանի մը մատ հեռաւորութեան վրայ զիրար կը հրմշտկէին։ Հանրակառքերը երբ հասնէին կայարան, հրմշտուկ մը կը սկսէր ներս մտնելու՝ այնքան մը, որ վար իջնողները շատ դժուարութիւն կ՛ունենային ինքնաշարժէն դուրս գալու։
Թաքսիմի հարապարակին կողմերը գտնուող կրպակներուն մէջ կարելի էր զբօսաշրջիկները հետաքրքրող գրքոյկներ, յուշանուէրներ եւ ուտելիքներ գտնել։ Կառքերու վրայ շատ համով եգիպտացորեն (տարը) կը խաշէին եւ կամ ածուխի վրայ կ՛եփէին։ Քանի որ մէկ հատը քիչ էր ինծի համար, հատ մը խաշած եւ հատ մըն ալ ածուխի վրայ եփածներէն առի (անշուշտ Ալիսը դիտողութիւն ըրաւ, որ շատ կը գիրնամ կոր…)։
Պոլիսը հիմնուած է 7 (եօթ) բլուրներու վրայ։ Իւրաքանչիւր բլուրին գագաթը հսկայ մզկիթ մը շինուած է, մէկը միւսէն գեղեցիկ։ Իւրաքանչիւր սուլթան իր անունով մզկիթ մը շինել տուած է, ինչպէս նաեւ իր մօր անունով։ Մեծ վէզիրներն ալ ետ մնացած չէին։ Բնականաբար մեծահարուստթուրքերն ալ Մուհամմէտ մարգարէին քով տեղ ապահովելու համար մզկիթներ շինած են, այնպէս որ ամէն քայլափոխիդ մզկիթի մը կը հանդիպիս։ Այս մզկիթներունմեծ մասը հայ ճարտարապետներուգործն է, ինչպէս Սինան փաշային կամ Պալեան եղբայներուն։ Սինան փաշայի պարագային սուլթան Սուլէյման Սքանչելին զինք Պոլիս բերել տուաւ 22 -24 տարեկանին,որ շրջանի լաւագոյն եւ գեղեցկագոյն մզկիթներն ու պալատները շինեց։ Փակագիծի մէջ ըսեմ, որ Սինան փաշան սիրահարուած էր սուլթանին քրոջը։ Նման պարագայի մը ան մահապատիժի պէտք էր ենթարկուէր, բայց քանի որ սուլթանը զինք շատ կը սիրէր, ներեց անոր պայմանաւ, որ անգամ մըն ալ կապ չհաստատէ այդ շատ գեղեցիկ աղջկան հետ (խե՜ղճ Սինան)։
Նշմարեցինք, որ Պոլսոյ փողոցներուն վրայ հարիւրաւոր շուներ կը սլքտան, անտէր եւ անտիրական (երկու տեսակի «շուն»երէն ալ…)։ Բարեբախտաբար այս շուներուն «մէկ տեսակ»ը խածնողներէն չէին…։
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը
Պասը մեզ Պոլսոյ փողոցները պտտցնելով տարաւ Հայոց Պատրիարքարանը։
Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը հիմնուած է 1461-ին։ Երբ Սուլթան Մէհմէտ Բ.-ը Պոլիսը գրաւեց, Յոյն Պատրիարքին հեղինակութիւնը եւ յոյներուն քաղաքական ազդեցութիւնը նսեմացնելու համար, հայ եւ թուրք բնակչութեան թիւը բազմացուց Պոլսոյ մէջ եւ իր վաղեմի բարեկամ՝ Յովակիմ Եպիսկոպոսը Պուրսայէն հրաւիրեց եւ Հայոց Պատրիարքութիւնը հիմնեց։ Յովակիմ Ա. ճանչցուեցաւ որպէս հայերու կրօնական եւ աշխարհական ղեկավարը ու ստացաւ նաեւ «միլլէթպաշը», (ազգապետ) տիտղոսը։
Սուլթան Մէհմէտ Բ. մասնաւոր ֆէրմանով (հրովարտակ) մը, Հայոց Պատրիարքութեան իրաւասութիւնները ճշդեց, որոնք շատ ընդարձակ էին։ Դժբախտաբար այդ հրովարտակը Պոլսոյեկեղեցիներու բազմաթիւ հրդեհներէն մէկուն մէջ այրած է։
Կ. Պոլսոյ պատրիարքները շատ մեծ իրաւասութիւններ կը վայելէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող իրենց հօտին վրայ, մինչեւ անգամ կրնային «անհնազանդ», «յանցաւոր» հայերը բանտարկել եւ անխնայօրէն ծեծել…։ Քանի որ կայսրութեան մէջ պետութիւնը եւ եկեղեցին իրարմէ բաժնուած չէին, պատրիարքը գրեթէ նախարարի մը (վէզիր) ուժը ունէր։ Ան ազգապետն էր նաեւ ղպտի, ասորի, եզիտի եւ նեստորական փոքրամասնութիւններուն։ 1863-ին Ազգային Սահմանադրութեամբ պատրիարքին իրաւասութիւնները ճշդուեցան, յստակացան, պետութեան կողմէ վաւերացուեցան եւ այսպիսով «Էրմէնի Միլլէթ»ին ներքին կրօնական, կրթական, ընկերային եւ համայնքային գործերը օրինաւորապէս անցան Պատրիարքարանի հսկողութեան տակ։ Ժողովրդային քուէարկութեամբ ընտրուած պատուիրակները կ՚ընտրէին պատրիարքը։
Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը հիմնուելէ ի վեր, 84 պատրիարքներ գրաւած են այդ աթոռը։ Այսպէս՝ 74 պատրիարքներ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ (1461 – 1908), 4 պատրիարքներ Երիտասարդ Թուրքերու իշխանութեան ժամանակ (1908 – 1922) եւ 5 պատրիարքներ Թրքական Հանրապետութեան ժամանակ (1922 – մեր օրերը)։ Այսօր նկատի ունենալով, որ Տէր Մեսրոպ Մութաֆեան Պատրիարքը «անկարողութեան» պատճառով հիւանդանոց պէտք է մնայ եւ չի կրնար պատրիարքական իր պարտականութիւնները կատարել, Պատրիարքական փոխանորդ Աթէշեանսրբազանը կը վարէ Պատրիարքարանի ընթացիկ գործերը։
Շատ լսած եւ կարդացած էինք Գում Գափուի Պատրիարքարանին մասին։ Երբ մեր պասը մեզ Պատրիարքարանին առջեւ բերաւ, դող մը անցաւ մէջէս։ 600 տարուան փոթորկալից պատմութիւն ունեցող հաստատութեան մը առջեւ կեցած էինք։ Ճիշդ է, որ դարպասը գոց էր, բայց շէնքին ճակատը «Պատրիարքութիւն Հայոց 1461» փորագրութիւնը իր Կերպով՝ շատ խորունկ իմաստ մը ունէր ինծի համար։
Պատրիարքարանի ճիշդ դիմացը կը գտնուի Սբ. Աստուածածին եկեղեցին։ Երբ եկեղեցիին դարպասէն ներս մտանք, հանդիպեցանք երկու Մելգոնեանցի աշակերտներու, որոնք մօտակայ Գնալը Ատայէն(կղզի) եկած էին՝ իրենց Մելգոնեանի ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն հանդիպելու։ Ջերմ խօսակցութիւններէ, յիշատակներու պատմումներէ եւ նկարուելէ ետք մտանք Սբ. Աստուածածին եկեղեցի։
Սբ. Աստուածածին Եկեղեցին
Պատրիարքութեան եւ Պատրիարքարանի վայել շքեղ եկեղեցի մըն էր։Սբ. Աստուածածին Եկեղեցին հայերուն տրուեցաւ Օսմանեան սուլթաններու կողմէ։ 1641 թուականէն սկսեալ ան կը ծառայէ որպէս Պատրիարքարանի եկեղեցին։ 1645-ի, 1718-իեւ 1762-ի հրդեհներուն պատճառով այրելէ ետք վերաշինուածէ։ 2Փետրուար 1828-ի սուլթան Մահմուտ Բ.ի հրովարտակով Սբ. Աստուածածին, Սբ. Խաչ եւ Սբ. Որդւոց Որոտման եկեղեցիները շինուեցան Գում Գափուի սկզբնական վայրին վրայ եւ 14Հոկտեմբեր 1828-ինօծումը տեղի ունեցաւ։ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին Սրբոց Որոտման եկեղեցին փակուեցաւ, սակայն նորոգութիւններէ ետք 2011-ին վերաբացուեցաւ։
1719-ին Յովհաննէս Կոլոտ եպիսկոպոսին ջանքերով, Պատրիարքարանի հարեւանութեամբ շինուեցաւ դպրոց մը, որ 1856-ի Հօճափաշայի հրդեհին պատրիարքարանի շէնքին հետ այրեցաւ։ Չորս տարի ետք Պեզճեան Գազազ Արթին ամիրայի նուիրատուութեամբ դպրոցը վերաշինուեցաւ եւ կոչուեցաւ «Պեզճեան Մայր Վարժարան»։
Սբ. Աստուածածին եկեղեցին իր ոսկեզօծ խորաններով, պատերուն վրայի սրբապատկերներով, պատրիարքներու արձանագրութիններով եւ այլ եկեղեցավայել անկիւններով ու զարդարանքներով՝ Պատրիարքարանին եւ հայութեան պատիւ բերող շինութիւն մըն էր։