Հայկական «Shadowmatic»-¬ը կարգ մը երկիրներու մէջ AppStore–ի տարուան լաւագոյն խաղ ճանչցուած է: Մասնաւորաբար խաղը լաւագոյններէն է Աւստրալիոյ, Պրազիլի, Գերմանիոյ, Չինաստանի, Միացեալ Թագաւորութեան, Հոնկ Քոնկի, Հնդկաստանի, Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի, Թայուանի, Մեքսիքոյի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին խաղի համահեղինակ Բագրատ Դաբաղեանը նշած է, որ զարմացած են, թէ 2015-ի լաւագոյն յաւելուածներու ցանկին մէջ յայտնուելէ բացի, ճանչցուած են շարք մը երկիրներու AppStore–ի տարուան խաղը: Ատիկա իրենց կը պարտաւորեցնէ խաղը աւելի հետաքրքրական դարձնելու օգտատէրերուն համար:
Յիշեցնենք, որ «Shadowmatic» խաղը «Triada Studio» ընկերութեան արտադրանք է: «Shadowmatic» խաղը ստեղծած են Բագրատ Դաբաղեանը, Արսէն Աւոյեանը, Սերկէյ Մելքոնեանը եւ Արա Աղամեանը, իսկ «Triada Studio»ն հիմնադրուած է 1993ին։ Խաղը կարելի է գնել «Apple App Store»-էն: