*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանեան «Էլ . Պի. Սի.» հեռատեսիլի կայանին սփռած Սթար Աքատեմիին, արաբական աշխարհի մէջ լայն տարածում ունեցող՝ արաբական երաժշտութեան մարզին համար երիտասարդ աստղեր պատրաստող ծրագիրին նախորդ շաբթուան լաւագոյն կատարումը եւ յառաջդիմութիւնը ցուցաբերող մասնակից աշակերտը, Հայաստան Ճամբորդութեան ու կեցութեան պարգեւ մը շահած էր, տրամադրուած թերեւս օտար ծանուցողական հաստատութեան մը կողմէ:
Արդարեւ վերջերս միեւնոյն հեռատեսիլային ծրագիրէն սփռուեցաւ այդ յառաջադէմ աշակերտին՝ Մարուան Եուսէֆին Երեւան կեցութեան տեսաերիզը:
Ամենամիջակ արտադրութեամբ ու բովանդակութեամբ աժան հաղորդագրութիւն մըն էր սփռուածը, որ ո՛չ մէկ ձեւով կրնար մեր Հայրենիքը ճիշդ ծանօթացնել արաբական աշխարհին:
Երեւանի ո՛չ հայանուն փողոց մը նկարահանելէ ետք, Մարուան յանկարծ յայտնուեցաւ հնդիկներու զբօսաշրջիկային խումբի մը մէջ, որոնք Երեւանի կեդրոնի Հիւսիսային պողոտային վրայ հնդկական ազգային երգ մը կ՛երգէին, կը նուագէին ու կը պարէին… որոնց հետ Մարուան փորձեց հնդկերէն երգել…: Թէ որքանո՞վ այս թէկուզ գեղեցիկ ու անմիջական՝ էթնիք հնդկական երգն ու պարը Հայաստանն ու Հայ Ժողովուրդը կը ներկայացնէին, պէտք է բեմադրիչին հարցնել…:
Յաջորդ տեսարանը, շատ հաւանաբար մտային առողջութիւնը կորսնցուցած ու փողոցը մնացած խեղճ կնոջ մը հետ (ըստ երեւոյթին դարձեալ ոչ Հայ), Մարուանի զուգերգն էր ռուսերէն լեզուով…:
Այլ տեսարանով մը Մարուան յայտնուեցաւ Երեւանի մէջ գտնուող վրացական ճաշարանի մը մէջ, ուր կերաւ վրացական ազգային ճաշատեսակներ եւ դիտեց վրացական ժողովրդային պարեր, մինչ ոչ բանիմաց հաղորդավարը զանոնք ներկայացուց որպէս… Հայկական:
Հանդիսատեսներուն մեծամասնութեան մօտ մշակոյթի տարբերութեան ու զգայնութեան հետ կապուած հասկնալի պատճառներով, եթէ յարմար չէր Հայկական եկեղեցիներ կամ գինեգործարաններ նկարել, սակայն օրինակի համար ի՞նչը կ՛արգիլէր երաժշտական ակադեմիայի աշակերտի մը՝ Երեւանի Օփերայի սրահը այցելել տալն ու հոն նկարահանելը…:
Բարեբախտաբար բեմադրիչը հաղորդագրութեան մէջ ընդգրկած էր Մարուանի խորհրդանշական այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ… սակայն այլ առիթով ծիծաղելի ու միեւնոյն ժամանակ ցաւալի էր հաղորդավարէն լսել, թէ Մայր Հայաստան յուշակոթողը կառուցուած է յետ «բռնագրաւիչ» Սովետական Միութեան անկումին ու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումին… մինչդեռ այդ կոթողային յուշահամալիրին իրական պատմութիւնը այն է, որ ան կառուցուած է յաւերժացնելու համար Հայրենական Մեծ Պատերազմի յաղթանակի յիշատակը ու անոր բացումը կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն աւելի քան 40 տարիներ առաջ՝ 29 Նոյեմբեր 1950ին…:
Բաւարարուինք այսքանով ու հարց տանք այստեղ, թէ պէ՞տք է «Էլ . Պի. Սի.» հեռատեսիլի կայանն ու Սթար Աքատեմին այպանենք՝ Լիբանանահայ գաղութին պատասխանատուները նման ծրագիրի մը մէջ, գործնական եւ օգտակար մասնակցութիւն չունենալու համար, ի հարկին ատենին ուղղելու նկարահանման բացթողումները՝ ամէն հաւանական սխալներու առաջքը առնելու, լաւագոյնս ներկայացնելու մեր Հայրենիքը արաբական աշխարհին:
Արդեօ՞ք պէտք չէ այս տհաճ իրողութենէն դասեր քաղել ու մեր կարգին հայկական հաստատութիւններու մակարդակով նման նուէրներ տրամադրել, Սթար Աքատեմիի կամ այլ մեծածաւալ մրցաշարքերուն՝ լաւագոյնս կազմակերպելու համար Հայաստանը ծանուցող այցելութիւնները, առաւելագոյն հակակշիռն ու հսկողութիւնը ունենալով՝ անոնց հաղորդագրութեանց նպատակայարմար եւ ճիշդ պատրաստութեան վրայ…:
Բարի լոյս բոլորին: