Երեքշաբթի 6 Հոկտեմբեր, յետ միջօրէի ժամը 6:30-ին, Նիւ Եորք քաղաքի սիրտին վրայ գտնուող առաջնորդանիստ գեղակերտ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, իր շուրջը ունենալով Գերշ. Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեանը, Առաջնորդի Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Սիմէոն Աբղ. Օտապաշեանը, Ս. Վարդան Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Մամիկոն Վրդ. Քիլէճեանը, Ս. Ներսէս Ճեմարանի Տնօրէն Արժշ. Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեանը եւ Ս. Ներսէս Ընծայարանի սաներ, մասնաւոր արարողութեամբ օրհնեց եւ բացումը կատարեց հանրածանօթ արուեստագէտ Մայքըլ Արամի «Գաղ¬թականութիւն» քանդակին:
Ներկայ էին մօտ 400 հրաւիրեալներ:
Բազմաթիւ պատուաբեր մրցանակներ շահած արուեստագէտ Մայքըլ Արա¬մի մեծ ծնողները Ցեղասպանութենէն վերապրողներ են: Հայկական զարդերով պատրաստուած անոր ընտանեկան առարկաները միջազգային ճանաչումի ար¬ժանացած են եւ Ամերիկայի 50 նահանգներու ծանօթ վաճառատուներու մէջ փնտռուած իրեր են: Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, Մայքըլ Արամ «Գաղ¬թականութիւն» խորհրդանշական քան¬դակը պատրաստած է: Փայլուն պողպատեայ պատուանդան մը՝ որուն մէջտեղը Պատմական Հայաստանի բռնագրաւուած շրջաններու ձեւով բացուածք մը կայ եւ ուրկէ հարիւրաւոր աղաւնիներ, երամ առ երամ, կը գաղթեն դէպի օտար շր¬ջաններ: Այս աղաւնիները առանձին առանձին եւ իրարմէ տարբեր ձեւերով պատրաստուած են արուեստագէտին կողմէ: Ոմանց շարժումին մէջ կարելի է նշմարել զգացուած ցաւը, կորուստի տխրութիւնը եւ ոմանք ալ տարածուած թեւերով՝ ի նշան Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան ու տառապանքին: Անոնց թռիչքը կը խորհրդանշէ իրենց ծննդավայրէն արմատախիլ եղած եւ աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած ժողովուրդի մը պատմութիւնը: Սակայն այս աղաւնիներու գաղթին մէջ յուսալից երեւոյթ մը կայ՝ առիթը վերապրելու եւ խոստումը նոր կեանքի Նոր Աշխարհին մէջ:
Օրուան ձեռնարկին հանդիսավարն էր Առաջնորդարանի Թեմական Խոր¬հուրդի նախկին անդամ, բարերարուհի եւ Կարգադիր Յանձնախումբի անդամ Տի¬կին Սանտրա Շահինեան Լայթնըր, որ հակիրճ կերպով պատմականը ըրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ իր խօսքը աւարտեց ըսելով որ անցեալ Ապրիլին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատմական արարողութեամբ սրբացուցած է մեր բիւրաւոր նահատակները:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստա¬գէտ Մայքըլ Արամին եւ շնորհաւորեց զինք այս գեղեցիկ ու խոր իմաստ ներ¬կայացնող քանդակին համար եւ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Մեր ժողովուրդին վերապրումը բարոյական եւ ստեղծագործական ներշնչումի աղբիւր է: Այս տարուան հարիւ¬րամեակին առթիւ անհաւատալի եւ համատարած կերպով Հայոց Ցեղասպա-նութիւնը ճանաչում գտաւ: Այս կը նշանակէ, որ հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած դէպք մը չէ մոռցուած եւ տակաւին բոլորը կը յիշեն: Երբ կը գտնուինք ,Գաղթա¬կանութիւնե քանդակին դիմաց եւ անոր մա¬կերեսին ընդմէջէն մեր արտացոլացումը կը տեսնենք՝ պարտինք ցոյց տալ մեր սիրալիր հետաքրքրութիւնը մէկզմէկու հան¬դէպ եւ միասնականութիւնը անոնց հանդէպ՝ որոնք տա¬ռապած են, եւ մինչեւ այսօր այդ ցաւը կը կոտտայ անոնց սիրտերուն մէջ»:
Արուեստագէտ Մայքըլ Արամ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսքան երկար ժամանակ անհաւատալի կերպով ծանր եւ լուռ տխրութիւն մը համակած էր մեր ազգային ինքնու¬թիւնը: Այս քանդակը պատրաստելով ես իրապէս հաղորդակից եղայ մեր նահատակներու եւ վերապրողներու խոր վիշտին: Այս գործս դժուար կերպով պատրաստեցի, սակայն երբ այսօր շուրջս կը նայիմ՝ իմ սիրտս խոր յուզումով կը լեցուի որ մենք հոս ենք: Մենք այն հունտերն ենք՝ որոնք ծլան ու ծաղկեցան այդ թաղուած հոգիներէն»:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած այս յու¬զումնալից եւ նոյն ատեն խանդավառիչ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ՝ տաղանդաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի նուագով ¥Կոմիտաս եւ Խաչա¬տուրեան¤ ու օփերային ծանօթ երգիչ Եղիշէ Մանուչարեանի կատարումով:
Ապա տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, եւ մինչեւ ուշ երեկոյեան ներկաները համեցան Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ, մօտէն դիտեցին «Գաղթականութիւն» քանդակը եւ իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին արուեստագէտին ու ստա¬ցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


