Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Hermès-ի Տղամարդոց Հաւաքածոն Հայ Կին Մը Կը Ձեւաւորէ

Ֆրանսական յայտնի Hermès ապրանքանիշի տղամարդոց հաւաքածոն կը ստեղծուի հայ կնոջ մը` Վերոնիքա Նիշանեանի կողմէ: Այս մասին panorama.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ «Նովոստնիկ.ռու» կայքը: Ան աշխարհի մէջ սակաւաթիւ այն կիներէն է, որոնք տղամարդոց համար հագուստ կը ձեւաւորեն: Ան ծնած է 3 Մայիս 1954ին, Փարիզի արեւմտեան արուարձաններէն մէկուն մէջ: Ան իր կոչումը գտաւ երիտասարդ տարիներուն, երբ կը յաճախէր  ֆրանսական ձեւաւորման դպրոցները: Մասնագիտական կրթութիւն ստանալով` ան աշխատանքի անցած է Cerruti, ապա 1988էն Hermès ընկերութեան մէջ:

«Hermès-ի մէջ ես աշխատանքի անցայ որպէս սովորական ձեւաւորող, կը պատրաստէի տարբեր բաներ, աքսեսուարներ: Ես այնքան նուիրուեցայ ընկերութեան, որ երբեք գլխուս մէջ չէ ծագած նորաձեւութեան սեփական տուն ունենալու մասին միտքը»,ըսաւ Նիշանեան:

Նորաձեւութեան ոլորտին մէջ յաջողութիւններէն ու ճանաչումէն յետոյ, Նիշանեան սկսած է աշխատիլ Hermès-ի տղամարդոց հագուստի վրայ, իսկ 2009ին արդէն այդ ուղղութեան ստեղծագործական տնօրէնն էր: Անոր հաւաքածոներուն մէջ կը ներկայացուի ֆրանսական շքեղութիւնը:

«Ես կը յուզուիմ ամէն ցուցադրութենէ առաջ, կարծես ատիկա իմ առաջին ցուցադրութիւնս ըլլայ: Ես միշտ կը յիշեմ, թէ  ինչ ըսին ինծի, երբ առաջին օրը եկայ Hermès. «Դուք ունիք քարտ պլանշ ամէն ինչի համար, այդ պատճառով դուք ձեզի զգացէք ինչպէս ձեր տան մէջ: Ես հպարտ եմ, որ այս գործին մէջ յաջողութիւններու  հասած եմ: Տղամարդիկ չէին սպասեր, որ ես կրնամ հաստատել իմ ոճս ու զայն թելադրել համաշխարհային նորաձեւութեան մէջ: Սակայն ես ատիկա ըրի, ու արդիւնքները ձեր առջեւ են», լրատուամիջոցին ըսաւ ան:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Hermès-ի երկրպագու տղամարդոց մէջ են Արքայազն Ուիլեըմը, Մոնաքոյի արքայազնը, Միշէլ Փլաթինին եւ այլք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին