Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Բացումը Կատարեց Հայ Գիրքի 36րդ Ցուցահանդէսին

Երէկ Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Սրբոց Թարգմանիչ Վարդապետներու նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ զետեղուած յատուկ տաղաւարը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կատարեց Հայ Գիրքի 36րդ ցուցահանդէսի բացումը:

 

Աւանդութիւն դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ Հայ Գիրքի ցուցահանդէսը, ի մի կը բերէ Լիբանանի զանազան հայկական հրատարակչատուները, անհատ հեղինակները, մտաւորականները եւ դպրոցական աշակերտները, միշտ նպատակ ունենալով բորբ պահել հայ գիրն ու գրականութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ յիշեց 24 Ապրիլ 1915ի գիշերը, երբ ցեղասպան թուրքը ձերբակալել տուաւ Պոլսոյ եւ գաւառներու մեր մտաւորականներն ու ժողովուրդի ղեկավաները, որոնք բանտարկուեցան եւ ապա խողխողուեցան, հայ ժողովուրդը թողելով առանց առաջնորդի՝ «Մեր մտաւորականները սովորական մարդիկ չէին, մեր ազգային կեանքին որակ, մեր մշակութային անդաստանը ծաղկեցնող եւ մեր ազգը ղեկավարող տարրեր էին. անոնք անմահացան: Մեր անմահացած մտաւորականներուն յաջորդող սերունդները, մեր նահատակ մտաւորականներուն երկունքներով ու ձգտումներով լիցքաւորուած եւ հաւատարիմ անոնց նուիրական կտակին, Սփիւռք դարձած եւ անորոշութեան մատնուած մեր ժողովուրդին կեանքը վերակազմակերպեցին՝ մեր գաղութներու կեանքին որակ, կազմակերպչական ոգի ու տեսիլք ներարկելով: Անցնող 100 տարիներու ընթացքին մեր մտաւորականները դարձան՝ Սփիւռքի մէջ հայը հայ պահելու պայքարին քաջամարտիկ ռահվիրաները: Այսօր 100 տարիներ յետոյ, մենք կը խոնարհինք մեր նահատակ մտաւորականներուն մեծ վաստակին առջեւ»: Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր մարգարէաշունչ խօսքը չորս կարեւոր յիշեցումներ կատարեց՝ ա) Առաւել կերպով ծաղկեցնել հայ մշակոյթի անդաստանը, բ) Կենդանի ու անաղարտ պահել հայ լեզուն, գ) Բացուիլ օտարին առանց օտարանալու եւ դ) Գնահատել ու պաշտպանել մտաւորականը, գրողը եւ ուսուցիչը:

_MG_3273

_MG_3268

_MG_3292

113

141

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին