Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայաստանի Զբօսաշրջային Եւ Արշաւային Ուղիները Պիտի Քարտէսագրուին Բջիջային Յաւելուածի Համար

«ONEArmenia»­ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւնը սկսած է «HIKEArmenia» արշաւը, որով ճանապարհորդներուն համար հասանելի կը դարձնէ Հայաստանի բնաշխարհը` բջիջային յաւելուածի միջոցով: Ինչպէս ըստ «Արմէնփրես»­ի  կը տեղեկացնեն կազմակերպութենէն, 2015­ի գարնան «ONEArmenia» (1A) կազմակերպութիւնը ստեղծած էր Inside Yerevan ուղեցոյցը, որ կ՛օգնէ հազարաւոր մարդոց, ինչպէս զբօսաշրջիկներուն, այնպէս ալ տեղացիներուն` ճանչնալու Երեւանը ներսէն: Այս արշաւով «ONEArmenia»ն կ՛ընդլայնէ սահմանները` դուրս գալով մայրաքաղաքէն դէպի Հայաստանի բնաշխարհը եւ արդիւնաբերական մայրաքաղաքէն դուրս գտնուող համայնքներ:

«HIKEArmenia»­ն նախաձեռնութիւն մըն է, որ արդէն քանի մը տարիէ կազմակերպութեան նպատակներու ցանկին վրայ է: 1A-­ի համահիմնադիր եւ թուային մարքեթինկի մասնագէտ Փաթրիք Սարգսեանի խօսքով` իրենք պիտի համագործակցին շարք մը ոլորտներու մասնագէտներու հետ` արշաւներու (hiking) ոլորտը հիմնովին զարգացնելու նպատակով:

«Գաղափարը առաջացել է այն պատճառով, որ չնայած Հայաստանում կան հազարաւոր արշաւային ուղիներ, միեւնոյն է, դրանցից միայն մի քանիսն են քարտէզագրուած: Եւ նոյնիսկ այդ դէպքում Հայաստանում ուղղակի չկայ արշաւի որեւէ սթանտարտ ընթացակարգ եւ դա Հայաստան այցելողի համար երկրի ամենագեղեցիկ շրջանները դարձնում է անհասանելի: Հայաստանի շրջաններն արտաքին աշխարհից մեկուսացուած են: Արտաքին կապերի բացակայութեան հետեւանքները եւս դարձել են սոցիալական եւ տնտեսական խնդիրների պատճառ գիւղերում», ըսած է ան­:

Ատոր  համար ալ «HIKEArmenia»­ի առաջին քայլը պիտի ըլլայ տեղական արշաւներու մասնագէտներու հետ միանալ ու Հայաստանի մէջ քանի մը արշաւային ուղիներ գծել` տեղացի արշաւականներու կողմէ ընդունած միջազգային չափանիշներու համապատասխան:

Նախագիծի երկրորդ հատուածին մէջ պիտի ստեղծուի բջիջային յաւելուածի տեսքով հարթակ, ուր պիտի ըլլան Հայաստանի գլխաւոր արշաւային ուղիներու գործնական քարտէզ` ներառեալ կարեւոր տուեալները, տեղանքի պատմական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ արշաւի մասին (բարձրութիւն, երկարութիւն, բարդութեան մակարդակ): Անիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ հետեւելու եւ վերբեռնելու արշաւները (գրաւոր կամ պատկերային) եւ տեսնել տեղական արշաւային զբօսավարներ, ճաշարաններ, գիշերելու վայրեր, հետաքրքրական գիւղեր եւ Հայաստանի հեռաւոր շրջաններու մէջ իւրօրինակ գործունէութեամբ զբաղող համայնական կազմակերպութիւններու առաջարկներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին