Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Անփոխարինելի Ընկեր Վարդան Կիրակոսեանի Յիշատակին

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հայերէն լեզուին տակաւին լաւ չտիրապետած տղաս եթէ օր մը հարց տար, թէ ի՞նչ կը նշանակեն անձնուիրութիւն, անձնազոհութիւն կամ ծառայասիրութիւն բառերը, աւելի լաւ ու կենդանի օրինակ մը չէի կրնար տալ, բացի ըսելէ, որ այդ բաները կը նշանակեն մեր Ընկ. Վարդանը:

Արդարեւ անձնուրացութեան, անձնազոհութեան եւ ծառայասիրութեան մարմնաւորումն էր մեր բոլորին սիրելի Ընկ. Վարդանը, որուն վերջին հրաժեշտը տալու համար Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբեր 2015ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Ժէաթաուիի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ս. Աւետման եկեղեցին փութացած էին Վարդանը սիրող ընկերներ ու բարեկամներ, իր ընտանիքին կողքը յարգանքի տուրքը տալու՝ նորոք հանգուցեալ ազնիւ ու համեստ ընկերոջ մը:

Թերեւս խոր հաւատացեալ մը չէր Ընկ. Վարդանը բառին կրօնական իմաստով, սակայն մենք կը հաւատանք, որ Աստուածահաճոյ անձ մըն էր ան իր խոնարհ եւ ազնիւ բնութեամբ ու անձնազոհ եւ հաւատարիմ իր մարդկային սկզբունքներով:

Տիպար կուսակցական մըն էր Ընկ. Վարդան. վտանգին առջեւ անվախ, վախին առջեւ չկքող: Զարմանալիօրէն կարգապահ էր ան ու ամէն բանէ առաջ ինքն իր անձը յարգող:

Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնէն առաւօտեան պզտիկ ժամերուն վերջին տուն մեկնողներէն էր Ընկեր Վարդանը: Ան ճշդուած ժամէն վայրկեան մը իսկ առաջ պաշտօնը ձգողը չէր, մինչ ինք գիտէր, որ այդ ժամերուն իր գործին վրայ հսկող իսկ չկայ: Վարդան իրեն վստահուած գործը կը կատարէր մարդկային նուազագոյն սխալներով: Ան իր գործը կ՛ընէր ամբողջութեամբ:

Ընկեր Վարդանը իրեն յատուկ համեստութեամբ արժանաւորաբար՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի յիշած գլխագիր «Մեծերէն» էր  եւ ո՛չ «Միւսներէն»: Վարդանը ոչ մէկ շքանշան ստացած էր իր կեանքին մէջ, ոչ ալ հանդէսներու առջեւի աթոռները գրաւած, սակայն ան մեծապէս յարգուած էր զինք ճանչցողներէն: Ան իր ազնուութեամբ եւ վեհանձնութեամբ միայն յարգանքով կը վարուէր մեծին ու փոքրին հետ: Այս իրականութեան արտացոլացումն էր իրեն վերջին հրաժեշտի եկած բազմութեան մեծ թիւը եւ այն արցունքը,  որ բոլորէն հոսեցաւ ափսոսալով իր անժամանակ կորուստը:

Ճակատագրի դաժան մէկ կատակով անժամանակ ակնթարթի մը զոհը գնաց Ընկ. Վարդանը, միայն իրեն յատուկ վեհանձնութեամբ՝ ընկերոջ մը ծառայութիւն կատարելու պահուն: Ամէն պարագայի այլ կերպ կարելի չէր երեւակայել Վարդանի մահը: Մենք վստահ ենք ան պիտի մեռնէր զինք յատկանշող ծառայութեան մը պահուն, սակայն ո՛չ այսքան կանուխ: Ո՛չ հիմա:

Իր տիկինը՝ Տիկին Այտան կորսնցուց իր կեանքի ընկերը, մինչ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնն ու Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կորսնցուցին ազնիւ եւ նուիրուածութեամբ լեցուն անփոխարինելի շարքային մը:

Իր մայրը՝ Տիկին Անահիտը, որ ատենին կորսնցուցած էր իր քաջ ամուսինը՝ Մուրատը , այժմ կը կորսնցնէր աւելիով քաջ զաւակ մը՝ Վարդանը: Ամուսինը կորսնցուցած կնկան համար կայ մակդիր մը, որն է «Այրի»: Ծնողք կորսնցուցած զաւակի մը համար ալ կայ իրեն յատուկ մակդիրը՝ «Որբ», սակայն չկայ բառ, որ կը նշէ որդին կորսնցուցած մայր մը, որդեկորոյսը միայն նկարագրական բնոյթի է, որովհետեւ այդ վիճակը անտանելիօրէն դժուար է ու անբացատրելի: Նոյնիսկ բնութեան օրէնքին դէմ: Համբերութիւն իր որդեկորոյս մօր:

Ընկեր վարդանի անդրանիկ զաւակ՝ Մուրատը կորսնցուց քաջ հայր մը: Իր դուստրը Անխելան եւ կրտսեր տղան Էրնէսթոն (որոնք իրենց հօր դժբախտ պատահարին պահուն  կը գտնուէին Հայրենիք), կորսնցուցին իրենց կարօտցած հայրը, որոնց մասին դեր քանի մը օր առաջ Ընկեր Վարդան յուզուած կ՛արտայայտուէր: Մենք մեր բոլոր ընկերներուն անունով հոս կը վստահեցնենք, որ Ընկեր Վարդանի իւրաքանչիւր ընկերը Հայր մը պիտի ըլլայ իր զաւակներուն: Այս մէկը յանձնառութիւն է Աստուծոյ եւ Վարդանի անմեռ յիշատակին առջեւ:

Համբերութիւն եւ մխիթարութիւն Ընկեր Վարդանի քրոջ Վալանթինային ու եղբայրներուն՝ Մհերին եւ Սեդրակին: Իրենց նման մենք ալ կորսնցուցինք բարի եղբայր մը:

Եկեղեցի փութացած էին նաեւ  պատերազմի տարիներու՝ Վարդանի զինակից արաբ համայնավար ընկերները, որոնց հետ միասին ծունկ ծունկի ինք կռուած էր այն գաղափարին համար, որ Վարդան ու իր ընկերները այդ օրերուն հաւատացած էին, թէ ընդհանուրին օգտին է:

Կ՛ըսեն, թէ անփոխարինելի մարդ չկայ: Սակայն Վարդանին հրաժեշտ տալու համար եկեղեցին ներկայ եղող ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեանն ու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Վարդանի տարիներու եղբայրակից ու հանգուցեալ ընկերոջ  արժանի այս կուսակցական յուղարկաւորութիւնը կազմակերպող ընկեր Միքայէլ Վայէճեանը մեզ նման քաջ գիտեն, որ Վարդանը անփոխարինելի էր եւ պիտի մնայ անփոխարինելի: Մարգարէութիւն մը պիտի չըլլայ հոս հաստատելը, թէ մենք երկար պիտի փնտռենք Վարդանին փոխարինողը: Պիտի փնտռենք Ընկեր Վարդանը եւ… պիտի չգտնենք:

Արտասուալից աչքերով յուղարկաւորութեան հետեւող Ընկեր Վարդանի գործակից՝ ընկեր Արա Թէրզեանին ալ վարձքը կատար, ամենայն բծախնդրութեամբ Ընկեր Վարդանի նման գործակիցի մը յիշատակին արժանի՝  իր կատարած կազմակերպչական աշխատանքին համար:

Սիրելի երիտասարդ ընկերներ ՌԱԿ Մ. Նաթանեան եւ Մ. Փորթուգալեան ակումբներու: Երբ գիշերները ուշ դուք ձեր ակումբային ընկերական առողջ մթնոլորտը կ՛ապրէիք մեր բոլորիս տան՝ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, մեր միտքը հանգիստ էր, որ ձեր մեծ եղբայրը՝ Վարդանը կը հսկէ ձեր վրայ: Դուք եւ մենք կորսնցուցինք մեր պահապան հրեշտակը:

Յանուն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան բոլոր ընկերներուն կը խոնարհինք սիրելի Ընկեր Վարդանին յիշատակին առջեւ:

IMG-20150926-WA0001

Շնորհակալութիւն Գերապատիւ Հայր Վարդան Վարդապետ Գազանճեանին, որ ազնիւ եղած էր եկեղեցին տրամադրելու մեզ ու գլխաւորելու ընկեր Վարդանի յուղարկաւորութիւնը:

Շնորհակալութիւն արժանապատիւ Տէր Նարեկ Քահանային՝ իր ազնիւ ներկայութեան ու աղօթքներուն համար:

Շնորհակալութիւն այն բոլոր ընկերներուն եւ բարեկամներուն, որոնք ներկայ էին միասնաբար վերջին հրաժեշտը տալու մեր սիրելի Վարդանին:

Աւարտին կը մնայ յիշել մեր մեծ բանաստեղծին Հաշուեյարդարը:

Հաշուեյարդար ըսած է Վահան Թէքէեան:

Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.

Ինչ որ տուի ուրիշին. Տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.

Ու չեմ ըսեր «ի՜նչ մնաց…»: Ի՞նչ կը մնայ  հողին տակ

Եղէգներէն դիւրաթէք, կաղնիներէն հաստաբուն,

Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն:

Ընկեր Վարդանը լիովին ըմպեց այս արեւուն տակ իր օրերուն քաղցրն ու լեղին: Ու մեկնեցաւ:

Թող օրհնեալ ըլլայ իր ազնիւ  յիշատակը:

Թող հողը վրադ թեթեւ գայ սիրելի Ընկեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին