Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Զոհողութիւն Ի Սէր Անկախութեան

                                                                                                     *ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ*

Անխակութիւնը միշտ ալ մեր միտքերուն մէջ գծած ու ձգած է լաւատեսութեան եւ դրական հպարտութեան ոսկէ շող մը, որով մարդ հոգեպէս տարբեր զգացումով կը լեցուի, որովհետեւ չկայ մարդկային աւելի մեծ եւ բարձր արժէք քան ազատութիւնը: Նոյնիսկ արտասանելու պահուն՝ «Ազատ Անկախ Հայաստան», մարդու վրայ թեթեւութիւն մը կու գայ՝ գիտակցելով, որ ինչ եւ իցէ կառավարութիւնը՝ լաւ կամ գէշ, կարեւորը մեր վրայ օտարին բռնութիւնն ու տիրութիւնը չկայ, այլ մենք ենք մեր երկրի տէրերը:

Անկախութիւն բառը արտասանելը դիւրին է եւ հաճելի, սակայն իսկութեան մէջ այնքան ալ հաճելի ու դիւրին չէ, մանաւանդ շարք մը մարդոց համար, որոնց մասին պիտի խօսինք հիմա:

Երբեւիցէ ազգ մը կամ պետութիւն մը որպէս պարգեւ՝ մեր ազգին չէ նուիրած ազատութիւնն ու անկախութիւնը, այլ միշտ ալ մենք՝ մեր երիտասարդները եղած են այդ մէկը իրենց արեան գնով շահողները: Ու երբեք երեւակայա՞ծ էք այն նահատակ մարտիկներու մայրերը, որոնք հիմա ողջ են. անոնց համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի անկախութիւնը…։ Ազգային հպարտութի՞ւն թէ թափուած արիւն:

Պետութեան եւ ազգութեան ամէնէն կարեւոր ու իտէալական իրողութիւնը իր ազատութիւնն է, սակայն ան միշտ ալ, գոնէ հայերուս համար նշանակած է արեան յեղում եւ նահատակութիւն, որովհետեւ այսօր երբ կ’ըսենք անկախ ենք, նկատի կ’ունենանք, որ կան թերատի կեանքեր, որոնք զոհուած են, որպէսզի հիմա մենք ըլլանք ազատ ու անկախ: Հազարաւոր նահատակ երիտասարդներ, որոնք իրենց արիւնը անխնայ թափած են ի սէր ազգութեան ու Հայրենիքի, սակայն անոր դիմաց պահանջելով մի միայն երկու բան.

Ա.- Հայրենաշինութիւնը՝ որպէս խունկ եւ աղօթք

Վստահաբար շահուած անկախութիւն մը առանց հայրենաշինութեան կը նմանի գանձի մը, որ կը տրուի մեզի այն պայմանով, որ երբեք պիտի չկարենանք օգտուիլ անկէ: Իսկ այդ պարագային ի՞նչ օգուտ ունի այդ գանձը մեզի:

Երիտասարդներ նահատակուեցան առանց որեւէ ակնկալութիւն ունենալու մեզմէ, սակայն թափուած արիւնով անկախացած երկրի մը մէջ ազգակործան ձեռնարկները, գործողութիւններն ու քայլերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ ապերախտութիւն անմահացած նահատակներուն նկատմամբ: Մեզի համար դիւրին է այդ մէկը, որովհետեւ այդ արիւնը մենք չենք թափած եւ առ այդ այնքան նշանակութիւն չունի մեզի համար, ինչքան այն անձերուն համար, որոնք սեփական արեան հեղեղ մը ձգած են այդ կռուի դաշտերուն վրայ եւ անոնց դիմաց մեզմէ ոչ մէկ բան կը պահանջուի, ներառեալ նահատակութիւն, բացի հայրենաշինութենէ:

Ինչպէս բոլորիս համար ճակտի քրտինքով շահուած գումարը ագահութեամբ չենք ծախսեր՝ քան նուէր տրուածը, նոյնն է պարագան անկախութեան… մենք որպէս նուէր ստացած ենք անկախութիւնը, իսկ անդին ուրիշներ առանց արդիւնքէն օգտուելու իրենք զիրենք նուիրած են անշահախնդրօրէն, որպէսզի անոր արդիւնքները մենք վայելենք… սակայն առանց մսխելու:

Բ.- Հայրենասիրութիւն անձնականէն աւելի

Մենք բոլորս ալ շատ յաճախ հպարտութեամբ կ’արտայայտուինք որպէս հայրենասէր անհատներ, պատրաստ ամէն տեսակ ծառայութիւններու, սակայն կա՞յ աւելի բարձր հայրենասիրութիւն քան սեփական կեանքի նուիրաբերումը ի սէր Հայրենիքի անկախութեան: Իրականութեան մէջ բոլորս ալ հայութեան շունչն ու ոգին սիրողներ ենք, սակայն հայրենասէր չենք այնքան, որքան իրենք էին, որովհետեւ իրապէս «ՀԱՅը սիրել» անձը զոհել կը նշանակէ, եւ շատ քիչեր են, որոնք յանձն կ’առնեն զոհուիլ, որպէսզի ուրիշը վայելէ, ուրիշը ուրախանայ ու ցնծայ… բայց ոչ թէ աւերէ:

Առ այդ անկախութիւնը մեզի՝ «ապերախտներու» չիյնար, այլ իրապէս անկախութեան արժանի են անոնք, որոնց որդիները վաղաժամ մեկնեցան կեանքէն, այն անկախութեան սիրոյն, որուն արժէքը չենք գիտեր:

Այո՛, անկախ ենք, ազատ ենք, բայց այդ մէկը երկնային պարգեւ մը չէր, այլ իրապէս մեր Հայասէր երիտասարդներն էին զայն տուողը:

Յարգանք իրենց Սուրբ յիշատակին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին