*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Անկախութիւն: Ինչպէս բառը կը յուշէ՝ ան կախեալ չըլլալու իրավիճակ մը կը բացատրէ: Ըլլալ անկախ կը նշանակէ ըլլալ ազատ, ինքնիշխան եւ ինքնակամ, չունենալ կախեալութիւն ոչ մէկ իրողութենէ, այլ ըլլալ կատարելապէս ազատ՝ որոշումի, եզրակացութեան եւ ինքնակառավարման՝ ազգային, անձնական ու հաւաքական բոլոր բնագաւառներէ ներս:
Միայն անկախ մարդն է, որ կրնայ իրականցնել իր նպատակներն ու ձգտումները, միայն անկախ մարդն է, որ կրնայ ստեղծագործել, իր մտահորիզոնով ստեղծելու համար աւելի լաւ պայմաններով միջավայր եւ ենթահող, թէ՛ իր եւ թէ զինք յաջորդող սերունդներուն համար:
Անկախութիւն եւ Ազատութիւն բառերը հոմանիշներ են: Անձի մը անկախութեան նման պետական անկախութիւնն ալ անսահմանօրէն եւ ա՛լ աւելիով արժէքաւոր է ազգի մը համար, որովհետեւ ան ուղղակիօրէն առնչուած է մարդու ազատութեան հետ՝ մարդուն, որուն էութիւնը նախ եւ առաջ կ՛արտայայտուի իր ազատութեամբ: Անձի ազատութիւնը անհատական ազատութիւն է, մինչ պետական ազատութիւնն ու անկախութիւնը հաւաքական ամբողջական կեանքի մը, որ ինքնաբերաբար կ’երաշխաւորէ նաեւ մարդկային անհատական ազատութիւնը, որովհետեւ մարդ ազատ է այնքանով, որքան իր պետութիւնը տէրն է ազատութեան:
Մեր Հայրենիքի 24 ամեայ անկախութիւնը տակաւին երիտասարդ է: Ան նոր քալել սորված մանկան մը պէս է: Պէտք է գուրգուրալ անոր մէն մի քայլին, արժանի ըլլալու համար անոր գոյութեան: Ինչպէս որ մանուկի մը ապագան կը պայմանաւորուի փոքր տարիքէն՝ անոր տրուած ու փոխանցուած կրթութեան եւ շրջապատի ճամբով, նոյնպէս ալ նոր անկախացած ժողովուրդ մը պէտք է անկախութեան առաջին օրերէն սկսի՝ անկախացած երկիրի մը հեռանկարը գծելու եւ անոր ուղիով ընթանալու, որպէսզի կարենայ միշտ դէպի յառաջ նայող ու ձգտող սերունդներ դաստիարակել: Մանուկին եթէ չսորվեցնես խօսիլ կարդալ, մանուկը կը մնայ նոյնը՝ եւ նոյն այդ մանկան կը նմանի Հայրենիքը. պէտք է աւելի եւս հաստատակամութեամբ ու աւելի եւս պայծառ ապագայի տեսիլքով լծուիլ աշխատանքին, որպէսզի ունենանք հպարտութիւն ու հայութիւն բուրող անկախութիւն մը եւ ոչ պարզապէս տօն մը, որ նման է այլ տօներու:
Չկայ գաղափար մը աւելի վեհ քան անկախութիւնը: 24 տարիներ առաջ մենք ունեցանք անկախ Հայրենիք: Սակայն այդ մէկը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ՝ ինչպէս պատմական որեւէ դէպք: Պատմական դէպքերու իմաստը պատմութենէ դուրս պէտք է փնտռել: Մեր պետական եւ ազգային անկախութիւնը կրնայ իմաստաւորուիլ այնքանով միայն՝ որքան ան կը նպաստէ անոր իւրաքանչիւր քաղաքացիին ազատականութեան: Ռամկավար Ազատականներուս համար այլ կերպ կարելի չէ մտածել: Պետական անկախութիւն մը լիիրաւ չըլլար՝ եթէ ան չօգնէ իր քաղաքացիներուն հասնելու անձնական ազատութեան, որովհետեւ անկախ ժողովուրդ մը անկախ պետութիւն կը ստեղծէ, իսկ անկախ պետութիւն մը՝ անկախ ժողովուրդ:
Մարդու, քաղաքացիի ազատութիւնը այն անհրաժեշտ պայմանն է, առանց որուն ուշ կամ կանուխ կը քանդուի ամենահզօր պետութիւնն անգամ:
Հետեւաբար մենք կը հաւատանք, որ հայրենի երիտասարդ պետականութիւնը իր կարելին պիտի ընէ պահպանելու մեր երիտասարդ պետութիւնը, իր ժամանակակից ու արդար տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեամբ, ինչպէս նաեւ ժողովրդավար սկզբունքներով՝ աւելի հզօր քայլերով քալելու դէպի քսանհինգամեակ ու անկէ դէպի ապագայ… դէպի աւելի հզօր, զարգացած ու Ազատ Հայաստան:
Խմբագրական «Զարթօնք»ի