Շատեր Իրենց Հագուստի Գնումներով Կրնան Անուղղակօրէն Նպաստել Իսլամական Պետութեան Սուրիոյ եւ Իրաքի նաֆթային պաշարներու կողոպուտը «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան միջոցով իրականացնելէ ետք, ահաւասիկ կը պարզուի, որ Թուրքիան սուրիական բամպակն ալ կը կողոպտէ նոյն միջոցով։ Յիշեցման կարգով ըսենք, որ Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպի ճարտարարուեստական շրջանն ալ երբ զինեալներու տիրապետութեան տակ էր, բազմահարիւր գործարաններ ուղղակի կողոպտուեցան եւ Թուրքիա տարուեցան օր ցերեկով, որոնց մէջ հալէպահայ բազմաթիւ գործարարներու ունեցուածքը։ Ահաւասիկ թրքական ժողովրդավարութիւն տարածելու իսկական դէմքը։
«Խմբ.»
«Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ-ISIS) ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Սուրիայէն գրաւած տարածքներուն մէջ աճող բամպակը Թուրքիոյ կը վաճառէ: Այս մասին ըստ ermenihaber.am-ի՝ կը տեղեկացնէ BBC-ի թրքական ծառայութիւնը:
«Ոլորտի ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ մինչեւ վերջերս ԻՊ-ն իր ֆինանսական միջոցները կը համալրէր Ռաքքա եւ Տէր Զօր շրջաններուն մէջ աճող չմշակուած բամպակը Թուրքիոյ վաճառելով», կը գրէ աղբիւրը աւելցնելով, որ Ռաքքան եւ Տէր Զօրը Սուրիոյ բամպակի արտադրութեան 1/3-ը կ’ապահովեն:
Քաղաքացիական պատերազմի պատճառով երկրին մէջ մեծապէս տուժած է բամպակի արտահանումը: Եթէ մինչեւ պատերազմը Սուրիայէն տարեկան 600.000 թոն բամպակ կ’արտահանուէր, ապա այժմ այդ թիւը հասած է 70.000-ի, որմէ միայն 3.000 թոնը պաշտօնապէս արձանագրուած է:
Ահաբեկչութիւններու ֆինանսաւորման հարցերով զբաղող Ժան Շառլ Պրիսարտ կարծիք յայտնած է, որ ԻՊ-ն հաւանաբար դեռ կը շարունակէ բամպակ վաճառել Թուրքիոյ: Ըստ մասնագէտին ԻՊ-ն Թուրքիոյ հետ բամպակի առեւտուրի համար միջնորդներ կ’օգտագործէ, արտադրողներէն հարկեր եւ միջնորդավճարներ կը գանձէ, որուն շնորհիւ իւրաքանչիւր գործարքի 50 տոկոսը բաժին կ’իյնայ ԻՊ-ին:
Պրիսարտ նաեւ նշած է, թէ հնարաւոր է, որ ԻՊ-ն շատ աւելի մեծ ծաւալով բամպակ կը վաճառէ Թուրքիոյ, քան կ’ենթադրեն միջազգային կազմակերպութիւնները:
Կը նշուի, որ ԻՊ-ի միջնորդները տարեկան 10 թոն բամպակ կը վաճառեն Թուրքիոյ: Աղբիւրը մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ հագուստ արտադրող որոշ յայտնի ընկերութիւններ, փաստօրէն իրենց արտադրութեան մէջ կ’օգտագործեն ահաբեկիչներու ներկրած բամպակը: