Մոնթրէալաբնակ երաժիշտ եւ երգահան Պետրոս Շուժունեանի «Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ 2015» ստեղծագործութիւնը՝ 1915-ի Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած, առաջին անգամ պիտի սփռուի www.sourphagop.net կայքի միջոցով: Սուրբ պատարագը հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել Երեւանի ժամանակով Սեպտեմբեր 12-ի երեկոյեան ժամը 7:30ին: Այս մասին կը յայտնէ Panorama.am-ը՝ վկայակոչելով կազմակերպիչները:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձօնուած այս ստեղծագործութեան վրայ հեղինակը աշխատած է մօտ հինգ տարի:
«Այսպիսի մեծ տարողութեամբ երգչախմբային գործ հայկական երաժշտութեան մէջ առաջինն է: Գործը կատարուելու համար հարկաւոր էր մեծաթիւ երգչախումբ, որովհետեւ ստեղծագործութեան մէջ մինչեւ 8 ձայնի բաժանում եւ երկար տեւողութիւններով պահուող նոթաներ կան», ըսած է երաժիշտ եւ երգահան Պետրոս Շուժունեան` նշելով, որ ստեղծագործութիւնը կատարող երգչախումբը Մոնրէալի «Սենթ Լորենս» երգչախումբն է, որ բաղկացած է մօտ 100 գանատացի երգիչներէ:
Թէեւ երգչախումբին մէջ հայ չկայ, սակայն չորս մենակատարներէն երեքը հայ են: Երգչախումբին ղեկավարը` Ֆիլիփ Պուրք, երիտասարդ տաղանդաւոր ֆրասնացի է, որ կրցած է ընդամէնը երկու ամսուան մէջ տիրապետել հայերէնի հնչիւնաբանութեան, որպէսզի ստեղծագործութիւնը ճիշդ հնչէ:
«Իր ստեղծագործական ոճի մէջ այս ստեղծագործութիւնը բոլորովին տարբեր է թէ’ Կոմիտասէն եւ թէ’ Եկմալեանէն, սակայն այս երաժշտութեան հիմքը մեր շարականներն են, որպէս ներշնչում», ըսած է «Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ 2015» ստեղծագործութեան հեղինակ, երաժիշտ եւ երգահան Պետրոս Շուժունեան:
Անոր խօսքով ասիկա Հայաստանէն դուրս Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձօնուած միակ ստեղծագործութիւնն է, որ հինգ տարուան աշխատանք պարփակած է եւ եզակի է իր լայնածաւալութեամբ ու տարողութեամբ: