Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Լիբանանի Համահայկական Խաղերու Միացիալ Մարմինը կու գայ տեղեկացնելու, թէ այս տարուան 6րդ Համահայկական Խաղերուն մասնակցեցաւ 180 մարզիկներով 11 մարզախաղերու մէջ, ներկայացնելով Լիբանանը չորս քաղաքներով՝ Պէյրութ , Պուրճ Համուտ, Անթիլիաս եւ Այնճար։

Այս տարուան խաղերը կ՝ընդգրկէին ամենամեծ մասնակցութեան թիւը, որով մարզական խումբեր Մայր Հայրենիք ժամանած էին 50 երկիրներու 125 քաղաքներէ, ուր կը տիրէր մեծ փառատօնային մթնոլորտ։

Մեր հոն ներկայութեան ընթացքին Լիբանանի պատուիրակութիւնը տուաւ փրոթոքոլային այցելութիւններ եւ յանձնեց յուշանուէրներ հետեւեալ անձերուն՝ ՀՀ մօտ Լիբանանի դեսպան Պրն. ժան Մաաքարոնին, Համահայկական խաղերու համաշխարային կոմիտէի նախագահ Պրն. Իշխան Զաքարեանին, Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին եւ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Պրն. Կակիկ Ծառուկեանին:

Գալով մրցումներու արդիւնքին, Լիբանանի խումբերը բաւարարուեցան միայն 2 ոսկի մետալներով՝ իգական եւ առական հեծելարշաւի մէջ:

Իսկ այս բոլորէն վերջ Լիբանանը ներկայացնող երկու անձնաւորութիւններ, որ մաս կը կազմեն Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին, պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի կողմէ եւ վերընտրուեցան Համահայկական խաղերու կեդրոնական մարմնին մէջ՝ Պրն. Ստեփան Տէր Պետրոսեան (փոխ ատենապետ )եւ Պրն. Միսաք Նաճարեան (վարչական անդամ), իրենց տարած անխոնջ աշխատանքին համար:

Մեր մասնակցութիւնը յաջողութեամբ պիտի չպսակուէր, եթէ մասնաւոր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը չունենայինք Պէյրութի քաղաքապետ Պրն.Պիլալ Համատին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Պրն. Անդրանիկ Մսրեանին, Անթիլիասի քաղաքապետ Պրն. Էլի Ապուժաուտիին եւ Այնճարի քաղաքապետ Պրն. Կարօ Փամպուքեանին, նմանապէս Քրէտիթ Պանք եւ Անելիք դրամատուներէն, որոնց բոլորին սրտանց մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք:

Այսպիսով աւարտեցինք Համահայկական 6րդ խաղերը յուսալով՝ յաջորդին աւելի լաւ եւ պատուաբեր արդիւնքներու հասնելու:

Լիբանանի Համահայկական Խաղերու Միացեալ Մարմին

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին