Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Haybuben Արեւմտահայերէն Անվճար Ուսուցողական Խաղ App Store-իՎրայ

App Store-ի վրայ արդէն հասանելի է Haybuben բջիջային յաւելուածը, որ կ՝օգնէ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ մանուկներուն սորվելու մայրենի լեզուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Եռագոյն» կայքը:

Haybuben-ը ելեկտրոնային ուսուցողական ծրագիր է, որ նախատեսուած է Սփիւռքի փոքրիկներուն սորվեցնելու արեւմտահայերէնի հիմունքները: Ծրագիրը կ՝օգնէ փոքրիկներուն իւրացնելու այբուբենը ինքնուրոյն` առանց մեծերու օգնութեան:

Խաղը բաղկացած է երեք մասէ: Առաջինը կը ներկայացնէ այբուբենը, երկրորդը կ՝օգնէ յիշել տառերը, իսկ երրորդը կը սորվեցնէ բառեր կազմել:

Յաւելուածը ստեղծուած է IOS համակարգին համար եւ համադրելի է IOS 7 կամ աւելի բարձր տարբերակներու հետ: Խաղը նախատեսուած է ե՛ւ Iphone-ի, եւ Ipad-ի համար:

Haybuben-ը հասանելի է App Store-ի վրայ անվճար:

Ծրագիրը ստեղծուած է Mediapolis ընկերութեան կողմէ (Երեւան), Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի նիւթական միջոցներով, հայաստանցի  եւ հայրենադարձ արեւմտահայերէնի մասնագէտներու գործակցութեամբ:

«Զարթօնք»ի կողմէ շնորհաւորելով հեղինակներուն ազնիւ գործը, շինիչ քննադատութեամբ կ՛ուզենք մատնանշել, թէ արեւմտահայերէն սորվեցնող ծրագիր մը ինչո՞ւ պէտք է գրուի Haybuben (զոր սփիւռքահայ փոքրիկը ակամայ պիտի կարդայ Հէյպուպէն), փոխան զայն գրելու արեւմտահայերէնի հնչիւնաբանութեամբ` Hyepoupen ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին