*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ՝ Երեքշաբթի 28 Յուլիս 2015-ին, Հայրենիք կեցութեան մեր առաջին առաւօտուն հաճելի էր արթննալ Երեւանի արեւածագին: «Օփերա Սուիթս» պանդոկի 9րդ յարկի սենեակիս պատուհանէն երկար դիտեցի «Մայր Հայաստան»ի խրոխտ արձանը, որ կարծէք անքուն կը հսկէ մեր երկրին վրայ՝ իր տեսքին մէջ կ’ամփոփէ Հայ ժողովուրդի հզօրութիւնը եւ դարաւոր գոյատեւումի հպարտութիւնը:
Նախաճաշը հիւրանոցի 12րդ յարկի վրայ էր՝ տաք սուրճի եւ հայկական մեղրալի նախաճաշի ընկերակցութեամբ, բարձրէն դիտուած Երեւանի քաղաքի տուֆի կառոյցներով լի տեսարանով յագենալէ ետք երիտասարդ պաշտօնակիցիս՝ Շիրազ Ճէրէճեանին հետ քալելով ուղղուեցանք մօտակայ խանութ մը մեր Հայաստանեան բջիջային գիծերուն համար համացանցի սպասարկութիւն ապահովելու՝ լուր եւ տեղեկութիւն հասցնելու Պէյրութ: Այնքա՜ն ապահով էր իմ տակաւին ցաւող ոտքով հսկայ պողոտան կտրելը, ուր ոտքով փոխադրուող մարդկանց յատկացուած ճամբու զեպրա գիծերով անցքը ամենայն քաղաքակրթութեամբ կը յարգուէր հայրենի վարորդներուն կողմէ:
Ժամը հասած էր խմբովին այցելելու հայ մշակոյթի ամրոց՝ Մատենադարանը:
Մատենադարան
Երևանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան կամ ուղղակի Մատենադարանը, ինչպէս ծանօթ է՝ հին ձեռագիրներու և փաստաթուղթերու պահպանման և ուսումնասիրման կեդրոնն է։ Ունի ձեռագիրներու և միջնադարեան գիրքերու աշխարհի ամենախոշոր հաւաքածոներէն մէկը։
Հայերէն ձեռագիր մատեաններու ամենախոշոր այս պահոցը՝ ստեղծուած է 1921-ին՝ Էջմիածնի մատենադարանի հիմքին վրայ, և առաջին գիտահետազոտական հաստատութիւնն է Հայաստանի մէջ իր այսօրուայ արդիական եւ ընդարձակուած կառոյցով։
Մատենադարանին մէջ մեր զմայլած ոչ-Հայ եւ հաւատքի տարբեր մշակոյթներու պատկանող պաշտօնակիցներուն շատ մը բաներուն կողքին Մաշտոցն ու Խորենացին, Բարձր Բերդի Աւետարանը եւ Նարէկի ձեռագիրներուն ծանօթացնելէ ետք ճամբայ ելանք դէպի բնութեան գիրկը՝ Ծաղկաձոր:

Ճանապարհին վրայ առիթ էր, որ մեր պաշտօնակիցները ծանօթանային պատմական Կեչառիս Վանքի համալիրին:
Կեչառիս
Կեչառիսի վանքային համալիրը, հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կոտայքի թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցի Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի հիւսիս-արևմուտքին՝ կառուցուած 11-13-րդ դարերու ընթացքին, միջնադարեան Հայաստանի նշանավոր կրօնական ու մշակութային կեդրոն։ Ընդգրկուած է Ծաղկաձորի պատմութեան և մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։
Մեր խումբը իր կէսօրուայ ճաշը ունեցաւ Ծաղկաձորի ամառնային թէ ձմեռնային զբօսաշրջիկներու ժամադրավայրը հանդիսացող «Kavkazskaya Plennitsa» ճաշարանը:
Ճաշէն եւ հայկական համեղ ուրցով պատրաստուած թէյ մըն ալ խմելէն ետք մեր վարորդը՝ Պրն. Սամուէլ իր ազնիւ համբերութեամբ խումբը փոխադրակառքով տարաւ Հայրենիքին Զուիցերիան հանդիսացող՝ Դիլիջան գիւղաքաղաքը: Անշուշտ մեզմէ անբաժան էր մեր սիրելի Ստեփանը, որ մենքզինք ընտրեցինք «Հայրենիքի լաւագոյն ուղեցոյցը»:
Դիլիջան
Հայկական Դիլիջանը Զուիցերիա կոչուելու ամէն արժանիք ունի ներառեալ Հայաստանի Կեդրոնական Պանքի գլխաւոր կեդրոնը, որ հոն հաստատուած է:
Դիլիջանը մնայուն զարգացումի հունին մէջ գտնուող տարածաշրջան մըն է իր հոյակապ բնութեամբ եւ դրախտային հանդարտութեամբ:
Դիլիջանի կարեւորութիւնը այսօր սակայն կը կայանայ ոչ միայն իր բնական արժանիքներուն մէջ այլ այնտեղ կատարուած մարդկային զարգացումին նուիրած հսկայական ներդրումի մը, որն է՝ UWC Dilijan College -ը, որ աշխարհի չորս կողմէն իրեն աշակերտող ընտրանիի մը International Baccaleaureate (IB)-ի կը պատրաստէ դպրոցական կառոյցի գերարդիական համալիրի մը մէջ, զորս խմբովին եւ միշտ 100 Lives-ի Հանրային եւ Մետիայի կապերու տնօրէնուհի Տիկ. Զարա Նազարեանին հետ այցելեցինք, որ ուրիշ բան մը չէր կրնար ըլլալ բացի IDeA-ի հիմնադիր Տիար Ռուբէն Վարդանեանի մէկ այլ անզուգական նախաձեռնութիւնը մնայուն իր տեսիլքով, որն է հայրենիքին յարաճուն զարգացումը:

Հաղարծին
Երեկոյեան մեկնեցանք 10-րդ դարէն մեզի մնացած բնութեան գիրկը գտնուող Հաղարծինի վանքը: Հաճելի անակնկալ մըն էր Հաղարծինի վանքին շրջափակին մէջ հանդիպիլ Պէյրութի ՀԵԸ-ի գրասենեակի տնօրէն Պարոն Գէորգ Սանթուրեանին:
Պարոն Սանթուրեան ՀԵԸ –ի սկաուտներուն Հայրենիքի բանակավայրին մէջ հիւրաբար գտնուող Ֆրանսական Սկաուտական Շարժումի խումբ մը անդամներ հոն բերած էր:
Օրուայ աւարտին տեղափոխուեցանք նոյն շրջանի մէջ գտնուող «Best Western Paradise» պանդոկը, որ ինքնին փաստ մըն է շրջանիn շարունակական զարգացման:
Գիշերը ընթրիք ունեցանք Flying Ostricհ անունով շատ գեղեցիկ ու առատաձեռն ճաշարանի մը մէջ:
Ճաշարանին պատասխանատուները մինչեւ ուշ գիշեր ժպտուներէս ծառայեցին մեր սեղանին:
Այսօր դէպի կապոյտ Սեւան:
Շար. 2