Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Ցաւակցական նամակը Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոսի վախճանման ի լուր

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սինոդոսական Հայրեր 

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Եւ Եպիսկոպոսներու համաժողով

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը

Ժորժ Թազա եւ ընտանիքը

Սգակիր Գերապայծարներ,Հայր Սուրբեր եւ բարեկամներ,

Ցաւով իմացայ մեր բոլորին սիրելի Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց մահուան գուժը։

Ոչ թէ միայն մօտէն ճանչնալու առիթը ունեցած եմ Հոգեւոր Տիրոջ հետ, բայց նաեւ եկեղեցական գործակցութեամբ ու աշխատանքներու միջոցաւ սերտ կապեր ունենեցած եւ երկար տարիներու վրայ։

Հոգեւոր Տիրոջ մէջ տեսած եմ Հայ Քրիստոնեայ կղերականի Տիպարը, որուն համար Քրիստոսի, Եկեղեցիին եւ Հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը ամէն բանէ վեր էր։ Շրջահայաց Հայրապետ-եկեղեցականն էր, եւ որ միշտ կը ձգտէր միչ- եկեղեցական ու յարանուանական կապերու ամրապնդմանը եւ համագործակցութեանը։Նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ Լիբանանի ու այն բոլոր գաղութներուն համար որ ստանձնած էր հոգեւոր եւ եկեղեցական ու հովուապետական առաջնորդութիւնը։ Կառչած մնաց հայ ժողովուրդի սրբազան դատին եւ անոր հետապնդումին, եւ ոչ մէկ ճիգ խնայեց այս ուղղութեամբը։

Բայց այս բոլորէն վեր, Հոգեւոր Տէրը համեստ մարդն էր՝եւ իրեն համար մարդը ու մարդկային յարափերութիւնները եւ անոր հետ հաղորդականութիւնը Արժէքներ էին։ Եւ իմ իւրաքանչիւր հանդիպումիս ընթացքին իր հետ՝ ալ աւելիով կը տեսնէի իր մէջ թէ ինչքան սէր, յարգանք ու ժամանակ կուզէր տալ մարդուն եւ անոր արժէքին նկատմամբը։

Յարգանք իր նուիրումով ու ծառայութեամբ ապրած Քրիստոնէական օրինակելի կեանքին համար։

Կ՚աղօթենք եւ կը հայցենք Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը բոլորին։

Ցաւակցօրէն՝

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին