Կիրակի, 28 յունիսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահպատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ տեղի պիտի ունենայՀամահայկական 6-րդ խաղերու շահավառութեան պաշտօնական արարողութիւնը` ներկայութեամբՀամահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի եւ իր գլխաւորածպատուիրակութեան:
Իշխան Զաքարեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Լիբանան կը հասնին վաղը` ուրբաթ, 26յունիսին: Շաբաթ, 27 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:45-ին պատուիրակութեան առաքելութեան մասինմամլոյ ասուլիս պիտի տրուի Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը կը մեկնի Այնճար` այցելութիւններու շարք մը տալու համար տեղւոյնազգային կառոյցներուն եւ ներկայ գտնուելու համար երաժշտական համերգի:
Կիրակի օր, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք ջահավառութեան պաշտօնական արարողութենէն ետք, Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը վեհարանին մէջ հանդիպումպիտի ունենայ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ: Ապա, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Իշխան Զաքարեան Համահայկական 6-րդ խաղերուն մասին յատուկ հարցազրոյց պիտի տայ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռիկայանին: Իսկ երեկոյեան պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ ՀԲԸՄ-ի , Տեմիրճեան կեդրոն, ուր ի պատիւ պատուիրակութեան պիտի տրուի յատուկ ճաշ եւ տեղի պիտի ունենայ երաժշտական երեկոյ:
10-12 հոգինոց պաշտօնական պատուիրակութեան Լիբանան կեցութեան վերջին օրը` երկուշաբթի, 29 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, պատուիրակութիւնը Հայկազեան համալսարանին մէջ հանդիպումպիտի ունենայ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:
Արդ, խիստ փափաքելի է, որ հայորդիները խուռներամ ներկայ գտնուին կիրակի օր Անթիլիասի մէջ տեղիունենալիք ջահավառութեան պաշտօնական արարողութեան` մասնակիցը դառնալու համարհամահայկական այս իրադարձութեան: