Յունիս 4-ին, Պատմութեան թանգարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Նիքոլեանի «Ուրֆա. վերածնուած արժէքներ» հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը, այս մասին կը գրէ News.am-ը:
Ցուցադրութիւնը սկսաւ Տէրեան մշակութային կեդրոնի վերականգնած տարազներու իւրօրինակ ներկայացմամբ, որմէ անմիջապէս ետք յաջորդեց ձեւաւորողի նոր հաւաքածոն:
Հաւաքածոյի հիմքին մէջ հայկական տարազներն են, անոնց խորհրդանիշները, Ուրֆայի ոսկեթել եւ արծաթաթել ասեղնագործութիւնները:
Շքեղ զարդաձեւերով, միջնադարեան նկարչութեան շունչով յագեցած Ուրֆայի ասեղնագործութիւններով այս հաւաքածոյի նպատակը աստիճանաբար մոռացութեան մատնուած ազգային հագուստի տարրերը կրելի դարձնել ոչ միայն բեմի վրայ, այլեւ առօրեայ կեանքին մէջ:
Հաւաքածոն կը ներառէ բեմական, առօրեայ, երեկոյեան զգեստներ` տարազային ձեւուածքով, թեթեւ գունային յիշողութեամբ եւ Ուրֆայի «մոռցուած» ասեղնագործութեամբ: