Մշակութային կրթութեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ` Յունիս 4-ին, ժամը 13:00-ին, Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին մէջ բացուեցաւ ՀՀ մարզերու եւ Երեւանի մէջ գործող արուեստի եւ գեղարուեստի դպրոցներու սաներու 2014-2015 թուականներու աշխատանքներու հաշուետու ցուցահանդէսը։ Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:
Իւրաքանչիւր դպրոց ցուցադրութեան ներկայացաւ 3-4 գեղանկարչական աշխատանքով:
Մշակոյթի նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ ներկայացուեցան նաեւ դպրոցներու կիրառական արուեստի բաժինի սաներու` «Արեւմտեան Հայաստանի կորուսեալ վիլայեթներու տարազներու նորովի մեկնաբանում» ծրագիրի աշխատանքները` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Պատանի ստեղծագործողները նախաձեռնութեան շնորհիւ մանրամասն ուսումնասիրած են Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններու մշակոյթը, կենցաղին բնորոշ յատկանիշները` զարգացնելով երեւակայութիւնը, ցուցաբերելով գեղարուեստական մտքի թռիչք: