Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Հանդիպումներ Ցեղասպանութենէ Վերապրած Կրօնափոխ Հայերու Հետ՚ ՌԱԿ Զարթօնք Ակումբի Դասախօսական Երեկոն

Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Զարթօնք ակումբի Պէյրութի Վահան Թէքէեան կեդրոնի մէջ ուշագրաւ դասախօսութեան առիթով` միջազգային լրագրող Համօ Մոսկոֆեանի 30 ամեայ ոդիսականը կրօնափոխ համշէնահայերու, Տերսիմի եւ իրալեան Քիւրտիստանի կորսուած եւ այսօր վերածնունդ ապրող ՙքրտացած՚ քրտախօս խիզախ հայորդիներու հետ:

Լիբանանի հայութեան ընտրանին, ազգային ու քաղաքական, դիւանագիտական ու մշակութային ընտրանին ներկայ էր Ուրբաթ, 29 Մայիս 2015ի երեկոյեան, Պէյրութի Վահան Թէքէեան կեդրոնի Գերսամ Ահարոնեան անուան դահլիճին մէջ, ներկայ ըլլալու միջազգային լրագրող, կրօնափոխ հայերու եւ իրաքեան Քիւրտիստանի հայերու մասնագէտ ընկ. Համօ Մոսկոֆեանի դասախօսութեան: Իր 30 ամեայ ոդիսականը Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի թէ Ռուսիոյ եւ կեդրոնական Ասիոյ տարագրեալ համշէնահայերու, Տերսիմի հայկական արմատներով զազաներու, քզլպաշներու եւ իրաքեան Քիւրտիստանի հայկական գաղթօճախի քաջարի զաւակներուն մասին տեսաերիզներու, սահիկներու եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

Ընկ. Արա Թէրզեան
Ընկ. Արա Թէրզեան

Հրաւիրեալներն ու մասնակից հիւրերը դահլիճ առաջնորդուեցան հայ ժողովուրդին զազա ՙԿոմիտաս՚ Միքայէլ Ասլանի ՙՎետակ՚ երաժշտական ալպոմի Տերսիմի հայութեան 1000 ամեայ երգերու հնչիւններու ներքոյ: Ապա ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Զարթօնք ակումբի ատենադպիր ընկ. Արա Թէրզեան ներկայացնելով օրուան դասախօսը: Ան հրաւիրեց հալէպահայ գեղանի եւ տաղանդաշատ ջութակահարուհի Լիւսի Չամսարեանն ու երգչուհի Դալար Սիմոնեանը, որոմք հիանալիօրէն ներկայացուցին Կոմիտասի ՙԿռունկ՚ը:

ջութակահարուհի Լիւսի Չամսարեան ու երգչուհի Դալար Սիմոնեան
ջութակահարուհի Լիւսի Չամսարեան ու երգչուհի Դալար Սիմոնեան

Հուսկ մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Հայաստանեան ՙՇանթ՚ հեռատեսիլի կայանին հետ Համօ Մոսկոֆեանի նշանաւոր հարցազրոյցին տեսաերիզը Հավրէզ իրաքեան Քիւրտիստանի հերոս, հրամանատար Մուրատ Վարդանեանի մասին ինչպէս նաեւ նոյնանման նիւթով իր դասախօսութեան  ՙՖյիւչըր TV՚ի նկարագրականը:

Ապա պատուանդանի մօտ հրաւիրուեցաւ միջազգային լրագրող ընկ. Համօ Մոսկոֆեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, ողջունեց պետական նախկին երեսփոխաններ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը, տոքթ Նուրիճան Տէմիրճեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ ՙԴիտակ՚ ամսագրի խմբագրապետ, աջակից տոքթ. Սէմ Ռագուպեանի ու բոլոր ներկաներուն: Օրուան դասախօսը ապա ներկայացուց իր բազմաթիւ ճանապարհորդութիւններուն ոդիսականը, կրօնափոխ համշէնահայերու ՙքրտացած՚ ու քրտախօս հայերու, իրաքեան Քիւրտիստանի ՙՏէ Ֆաքթօ՚ պետութեան, որպէս ապահով երկրորդ հայրենիք Իրաքի թէ Սուրիոյ հայերու 1915ի Ցեղասպանութենէն փրկուած Վանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մեր ազգակից քոյրեր եւ եղբայրներուն:

Ընկ.  Համօ Մոսկոֆեան
Ընկ. Համօ Մոսկոֆեան

Ցուցադրական սահիկները կը ներկայացնէին համշէնահայերու հետ հանդիպումներ հարաւ-արեւելեան Ռուսիոյ Ֆրէցովքա գիւղին մէջ, Գերմանիոյ զազաներու եւ քզըլպաշներու Հայաստանի ՙզազա լեզու եւ մշակոյթ՚ համագումարին, իրաքեան Քիւրտոստանի Էրպիլ, Տհոք եւ Զախօ քաղաքներուն եւ Հավրէզի հերոս Մուրատ Վարդանեանի, պետական երեսփոխան Երուանդ Ամիրեանի, Վարդգէս Սարգիսեանի, ՙՂեւոնդ Երէց՚ ներ Տէր Առաքել Գասպարեանի, Տէր Մասիս Շահինեանի, փեշմերկայ պետական երեսփոխան Արամ Շահի Բակոյեանի եւ այլոց հետ:

Դասախօսութեան աւարտին ցուցադրուեցաւ արաբերէնով եւ հայերէնով տեսաերիզ, ուր Երուանդ Ամինեան, Սալեմ Թօմա Գոգօ, Տուայիտ Թայէպ խորհրդարանականները եւ իրաքեան Քիւրտիստանի փոխ նախագահ Յաֆա Էմինքի կը խօսին հայ Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունման ու քննարկման մասին քիւրտ եւ հայ աւելի քան 40 խորհրդարանի անդամներուն կողմէ:

Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ զօր. Մուրատ Վարդանեանի խիզախ կոչով, դիմուած աշխարհի հայութեան:

Շնորհաւորելով կազմակերպիչներն ու դասախօսը ներկաները ակամայ հեռացան դարձեալ հանդիպելու խոստումով:

Զարթօնք Ակումբ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին