Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Երեւանէն Թռիչք Առած «Միտըլ Իսթ»ի Օդանաւը Ստիպողական Էջք Կը Կատարէ

Մինչ լիբանանեան MEA ընկերութիւնը կը տօնէ իր 70-ամեակը, երէկ՝ Երկուշաբթի 1 Յունիս 2015-ի  գիշեր աննախընդաց դէպք մը պատահեցաւ անոր Երեւան-Պէյրութ թռիչքին:

Արդարեւ երէկ գիշեր «Զուարթնոց» օդակայանէն դէպի Պէյրութ թռիչք առած  օդանաւը, խանգարում մը ունենալով թռիչքէն կէս ժամ ետք վերադարձած է Երեւան՝ անակնկալ, ստիպողական ու դժուարին էջք մը կատարելով հոն, ուր օդանաւը ուժգնութեամբ օդակայանի գետնին բախած է:

Բարեբախտաբար ճամբորդները անվնաս դուրս եկած են անկէ: Դէպքէն ետք MEA յատուկ օդանաւ մը ղրկած է գիշերը Երեւան ճամբորդները Պէյրութ բերելու համար: Կը շնորհաւորենք սիրելի ճամբորդներն ու օդանաւին անձնակազմը արկածէն անվտանգ դուրս գալուն համար  մաղթելով, որ նման արկած մը բնաւ չկրկնուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին