Ի’նչ դառն է այս կեանքը, յատկապէս երբ մարդ իր ողջ կեանքը կ՛անցընէ նուիրումով ու զոհողութեամբ վասն նոր սերունդին դաստիարակութեան եւ կրթութեան… եւ երբ կը հասնի պահը, որ այլեւս պիտի հանգստանայ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս, յանկարծ ինքզինք կը գտնէ դաժան հիւանդութեան առջեւ, որ կը հիւծէ զինք, կը հալեցնէ ու կը հասցնէ մահուան սեմին… Աստուծոյ կամքը:
Ահա այս եղաւ ճակատագիրը մեր շատ սիրելի Օրդ. Վերային:
Օրդ. Վերա Պաղտատլեան անվերադարձ մեկնեցաւ մեր աշխարհէն 14 Ապրիլ 2015ին:
Օրդ. Վերա Պաղտատլեան «անուն» մը որ անջնջելի պիտի մնայ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի պատմութեան մէջ:
Ան հազիւ իր քսանամեակը բոլորած մտաւ կեանքի ասպարէզ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ. Կ. Նազարեան վարժարանէն ներս, յանձն առնելով մատղաշ հայ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան եւ ուսուցման դժուարին գործերը:
Ան եղաւ նուիրեալ դասատու, գործեց լուռ, ղեկավարեց մանուկները քաջութեամբ եւ մեծ համբերութեամբ:
Ան եղաւ հայ լեզուի անխոնջ մշակն ու ջերմ պաշտպանը եւ անսպառ կորովով մը ան էջ առ էջ սորվեցուց «Այբբենարանը» բազմաթիւ սերունդներու եւ որոնց յաջողութիւններն ու երախտագիտութեան արտայայտութիւնները եղան իր մեծագոյն վարձատրութիւնը:
Ան եղաւ այն անձերէն, որոնք միշտ մնացին հաւատարիմ իրենց դպրոցին ու անկեղծ` իրենց գործին: Թէեւ ան երբեմն ունեցաւ հիասթափութիւն կամ յուսախաբութիւն, սակայն ան բնաւ չընկրկեցաւ ու չտկարացաւ ու շարունակեց իր անձնուիրական գործը, մնալով պատասխանատու իր յանձնառութեանց մէջ9 համբերութեամբ եւ սիրով: Եւ ան իր այս ազնիւ կեցուածքով ու համբերատար վարմունքին պատճառով արժանացաւ բոլորին յարգանքին, յատկապէս իր աշակերտներուն, որոնք միշտ ակնածանքով ու երախտագիտութեամբ խօսած են իրենց Օրդ. Վերային մասին եւ պիտի շարունակեն խօսիլ նոյն յարգանքով, նոյնիսկ երբ մահը հեռացուց զինք մեր աշխարհէն:
Թէեւ Օրդ. Վերային մահը խոր ցաւ պատճառեց բոլորիս, սակայն մխիթարական է մեզի համար, որ ան իր կեանքին մէջ հանդիսացաւ այն բախտաւորներէն, որոնք մարդկային առաքելութեանը մէջ յաջողեցան Հայեցի Դաստիարակութիւն եւ Հայրենասիրութիւն ներշնչել բազմաթիւ հայորդիներու հոգիներուն մէջ:
Բիւր յարգանք քու պայծառ յիշատակիդ, Սիրելի Օրդ. Վերա:
Յասմիկ