Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Լեհական Պարբերականը` Նարեկացիի Հայրենիքին Մասին. Աստուած չի Լքեր Այդ Հողը

Մեծ Հայքի պատմութիւնը, hատկապէս` Վանայ լիճի շրջակայքին, շատ մեծ նախազգուշացում է: Այս մասին՝ ըստ News.am-ի՝ գրած է Gosc Opolski լեհական կաթոլիկ հրատարակութեան խմբագիր Անճեյ Քերները, որ եղած է Գրիգոր Նարեկացիի հայրենիք` Վանայ լիճի ափին գտնուող Նարեկ գիւղ: «Քարը քարի վրայ» վերնագիրով յօդուածին մէջ Քերները կը գրէ.

«Ես շատ ուրախացայ, երբ իմացայ, որ Հռոմի Ֆրանսիս I Պապը Գրիգոր Նարեկացին հռչակած է եկեղեցւոյ դոկտոր:

«Ես եղած եմ Նարեկ: Այսօր ան Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը Վանայ լիճի ափին գտնուող Եմիշլիք գիւղն է: Սուրբ Գրիգորի ժամանակաշրջանին` 10-րդ դարուն, աշխարհի առաջին քրիստոնէական երկրի` մեծ եւ ծաղկուն Հայկական թագաւորութեան կեդրոնն էր:

«Նարեկէն Գրիգորը` սուրբը, բանաստեղծը, խորհրդապաշտը, եկեղեցին կը յիշատակէ Փետրուար 27-ին: Խստաշունչ լեռներու բարձրութենէն ան դիտած է անծայրածիր Վանայ լիճը: Գրած է «Մատեան ողբերգութիւնը»` կազմուած 95 աղօթքէ, որթարգմանուած է լեհերէն եւ 1985 թուականին հրատարակուած «Կենդանի հայրեր» շարքին մէջ: Ան հայկական եւ քրիստոնէական գրականութեան լաւագոյն ստեղծագործութիւնն է: Ես մշտապէս կը վերադառնամ այդ գիրքին, յատկապէս Մեծ Պահքի ժամանակ` կարդալով իրենց անկեղծութեամբ ցնցող անոր տողերը: Կ՛ենթադրուի, որ Նարեկացին զայն գրած է ոչ այնքան երկար կեանքի` 50-էն քիչ աւելի տարիներու ընթացքին, արդէն ծանր հիւանդ ժամանակ, իսկ որոշ աղբիւրներու համաձայն` նաեւ ըմբոստութեան մասին մեղադրանքներ վերապրելէ ետք:

Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութիւնը» լի է սեփական թուլութեան զգացողութեան պատկերներով: Զարմանալի է, որ ան ատիկա գրած է այն օրերուն, երբ Հայաստան, անոր վանքերն ու տաճարները ծաղկման ամենաբարձր շրջանին էին: Իսկ անոր հոգիին մէջ` ոչ մէկ կաթիլ ինքնագոհութիւն: Փոխարէնը խոր վերապրած զգացում, թէ ինչ է իրականութեան մէջ  մարդը` հակառակ իր բոլոր ձեռքբերումներուն:

Մեծ Հայքի պատմութիւնը, hատկապէս` Վանայ լիճի շրջակայքին, շատ մեծ նախազգուշացում է: Ակնթարթի մը մէջ ամէն ինչ կրնայ ոչինչ դառնալ: Կ՛ոչնչանան ապշեցուցիչ ճարտարապետական յուշարձանները, կը մոխրանան հիասքանչ զարդանախշերն ու խաչքարերը: Ուղիղ 100 տարի առաջ այս հողին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսաւ:

Թուրքիոյ արեւելքը գտնուող հայկական հարիւրաւոր տաճարներէն միայն աւերակներ մնացած են, իսկ մեծ մասը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է: Բացառութեամբ մէկ տաճարի` Աքտամար կղզիի (բնագիրին մէջ Ախթամարի թրքական տարբերակն է ) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ, որ թրքական իշխանութիւնները վերանորոգած են, բայց առանց գմբէթին խաչ կանգնեցնելու:

«Կ՛անցնիմ Վանայ լիճի շուրջ փռուած սարերով, կը տեսնեմ ժամանակին հիասքանչ տեսք ունեցող կառոյցներու աւերակները: Եւ իւրայատուկ պահ մը, երբ քիւրտ հովիւի մը եւ անոր ոչխարներուն հօտի հետ կ՛իջնենք Սուրբ Թովմասի եկեղեցէին, մեր առջեւ կը փռուի երկնագոյն լիճը, շուրջը` լերան կանաչ ստորոտը, իսկ հեռուն` լիճին միւս ափին, ձիւնով ծածկուած հրաբուխը: Եւ յանկարծ ծիածանը կը շողայ:

«Քրիստոնէական հողի աւերակներուն վրայ, ուր Տաճարէն միայն հիասքանչ քարերը մնացած են, մենք զգացինք (այնպէս, ինչպէս հազուադէպ կը զգան), որ Աստուած չէ լքած այս հողը:

Այս մտքերը յաճախ զիս կ՛այցելեն, յատկապէս երբ մենք Օպոլէում սովորոյթի ուժով կը տխրինք մեր երկրի եկեղեցիներու վիճակին համար: Թերեւս 100 տարի անց անոնցմէ ոչինչ կը մնայ… Թերեւս այդպէս է, բայց Աստուած չի լքեր մեր հողը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին