*ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ – ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Բարութիւն, ազգասիրութիւն, ընկերասիրություն, եկեղեցի, Հայրենիք եւ ընտանիք… ահա թէ ինչ կը ներշնչէ ամմօ Սուրէնին (Սուրէն Յարութիւնեանին) անունը` ոչ միայն ինծի, այլեւ ողջ Դամասկոսահայ գաղութին, ՀԲԸՄ-ի ընտանիքին, Հայաստանի Հանրապետութեան հին ու նոր բազմաթիւ պետական ու ազգային գործիչներուն, եւ բոլոր անոնց` որոնք իր հետ ծանօթ ըլլալու բախտը ունեցած են:
Ցաւալի փաստ մըն է, որ այսուհետ Սուրէն Յարութիւնեանին հետ Հաղորդակցիլը միայն յիշողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ, սակայն ոչ երբեք սակաւ, որովհետեւ մեր կեանքի ընթացքին ամէն մէկ պահ, որ առնչութիւն կրնայ ունենալ հայրենասիրութեան, բարեգործութեան, Էջմիածնասիրութեան եւ դեռ բազմաթիւ այլ դրական յատկանիշներու հետ, ամմօ Սուրէնին ուրուականին պիտի հանդիպինք, անոր բարի խորհուրդները մեր ականջին պիտի հնչէ եւ ուղղութիւն տայ, անոր առաքինի կերպարը մեզի ներշնչէ եւ որպէս օրինակ ծառայէ…:
Խորապէս կը ցաւակցիմ իր ազնուափայլ տիկնոջ (այժմ արդէն ցաւոք` այրիին) դանդիկ Սալբիին, զաւակներուն` Հ.Հ. Թայլանտի պատուոյ դեսպան Արթոյին, Սարոյին եւ Մարալին ու անոնց ընտանիքներուն: Ցաւն ու վիշտը անկասկած մեծ է անոնց, սակայն կորուստը պակաս չէ նաեւ բոլոր անոնց որոնք ճանչցած են հանգուցեալին, եւ վայելած անոր հետ պայքար, կեանք եւ յիշատակներ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…