Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ Հարիւր Տարուան Մենութիւնն Է. Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Մամուլ

Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին առթիւ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած ցոյցերն ու ձեռնարկները արձագանգ գտած են թրքական մամուլին մէջ: «Ermenihaber.am» լրատուականը կը ներկայացնէ ընդդիմադիր թերթերու անդրադարձը Տինքի ոգեկոչման եւ Ցեղասպանութեան հարցի արծարծման:

“Cumhuriyet” (Հանրապետութիւն) թերթը “Անգամ մը եւս համախմբեց” վերտառութեամբ յօդուածին մէջ, կը ներկայացնէ թուրք գրող եւ թատերագիր Մունկանի ելոյթը, որ ուղեկցուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչով:

Ընդդիմադիր “Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան” (ԺՀԿ-CHP) ներկայացուցիչ Տուրրու Օզփոլաթին պատկանող “Yurt” թերթը, մեծ տեղ յատկացուցած է Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: Թերթին առաջին էջին վրայ տեղ գտած են Մունկանի խօսքերը. “Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ հարիւր տարուան մինակութիւնն է”: Այնուհետեւ թերթը ամբողջ երկու էջ տրամադրած է Հրանդ Տինքի սպանութեան` այդպէս ալ չանդրադառնալով յանցագործութեան ետին կանգնածներուն:

«Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան” (ՔԲԿ-PKK) հետ սերտ կապերով յայտնի «Özgür gündem» (Ազատ օրակարգ) թերթն ալ, «Հարիւամեայ առերեսումէ վերտառութեամբ յօդուածով անդրադարձած է Ցեղասպանութեան թեմային:

“Evrensel” պարբերականը հրապարակած է «Հարիւրամեայ արդարութեան փնտռտուք» յօդուածը, ուր հեղինակը երկկողմ յարաբերութիւններու վերականգնման ցանկութիւն կը յայտնէ` ըսելով. «Արարատի գագաթէն հարիւրամեայ մառախուղը թող ցրուի, յուշերու եւ յիշողութիւններու միջեւ երկխօսութիւն թող սկսի»:

Լուսաբանելով Տինքի յիշատակը ոգեկոչելու ձեռնարկները լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ ցուցարարներու երթը սկսած է Սթամպուլի Թաքսիմ հրապարակէն եւ աւարտած “Ակօս” թերթի խմբագրատան մօտ: Երթի մասնակիցները “1915-2015թթ. ժխտման պատմութիւն, կոտորածի պատմութիւն” գրութեամբ պաստառներ ծածանած են: Իսկ խմբագրութեան շէնքին պատին փակցուած է “Առերեսում Հրանդի հետ, Ցեղասպանութեան հետ – Հրանդի ընկերներ” գրութեամբ պաստառ: Երթէն ետք ելոյթ ունեցած են “ԺՀԿ”-ական եւ “ԺԴՀԿ”-ական գործիչներ, որոնք կոչ ըրած են ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին