Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Արաբական Մամուլի Անդրադարձը ՀՀ Նախագահի Պատասխանին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան սաստիկ կերպով մեղադրած է Թուրքիոյ նախագահ  Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը, Թուրքիոյ աւանդական ժխտողական քաղաքականութիւնը շարունակելու եւ խեղաթիւրելու պատմութիւնը:

ՀՀ նախագահը ըսած է, որ Թոււրքիան պիտի նշէ Կալիփոլի ճակատամարտի 100-ամեակը Ապրիլի 24-ին, մինչդեռ այդ ճակատամարտը սկսած է 18ին Մարտ  1915-ին եւ տեւած մինչեւ 1916-ի Յունուարի վերջը, իսկ դաշնակիցներու գործողութիւնները սկսած են Ապրիլ 25-ին ընդգծելով, որ նպատակը աշխարհի ուշադրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն շեղելն է: Այս մասին կը գրէ եգիպտական «ԱլՊաուապէ» արաբական կայքէջի թղթակից Ռատաուի Ալ Սիսին:

Թղթակիցը կը նշե, որ նախագահ Սարգսեան կարեւոր համարած է  նշելու, հրամանատար Սարգիս Թորոսեանի պարագան, որ հաւատարմօրէն ծառայած է օսմանեան բանակին եւ պատերազմած Կալիփոլիի ճակատամարտին:

Սարգիս Թորոսեան ունեցած է արիւնոտ վախճան ինք եւ իր ընտանիքի անդամները, ենթարկուած են դաժան սպանութեան ու տեղահանութեան, ինչպէս  մէկուկէս միլիոն հայ ժողովուրդը  Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած Ցեղասպանութեան հետեւանքով սպաննուած են, Սարգիս Թորոսեանի ծնողները, իսկ քոյրը զոհուած է Սուրիոյ անպատներուն մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ «Խաղաղութիւնն ու բարեկամութիւնը կախուած են առաջին հերթին դիմակայելով անցեալը, պատմութեան եւ յիշողութեան արդարութիւնը», եւ կոչ ուղղած է Էրտողանին ապացուցելու իր համաշխարհային խաղաղութեան կոչը, աշխարհին կոչ ուղղելով ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ան աւելցուցած է «Մեզմէ իւրաքանչիւրս պարտաւոր է փոխանցելու իրական պատմութիւնը սերունդներուն եւ կանխելու կրկնութիւնը յանցագործութիւններուն, նաեւ ճանապարհ հարթելու ժողովուրդներու միջեւ ապագայ մերձեցման ու համագործակցութեան, յատկապէս հարեւան ժողովուրդներու միջեւ»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին