Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Քիւրտի Բաց Նամակը Հայերուն. Քիւրտ Նամակագիրը Ներողութիւն Կը խնդրէ Հայոց Ցեղասպանութեան Համար

Թրքական Radikal պարբերականին մէջ քիւրտ հեղինակ Ֆաթիհ Թունճը հայերուն ուղղուած բաց նամակ մը հրապարակած է: Հեղինակը այդ կերպով ներողութիւն խնդրած է հայերէն` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան իր նախնիներու մասնակցութեան համար:

Tert.am-ը նամակը կը ներկայացնէ որոշ կրճատումներով.

“Ապրիլին` գարնան, անձրեւի փոխարէն արիւն հոսեցաւ Էրզրումէն մինչեւ Արարատ լերան ստորոտը ձգուող արշալոյսներուն:

“Հարիւրամեակներով ապրեցանք նոյն հողերուն վրայ: Ձեր հօրը հօրեղբայր, ձեր տատիկներուն մօրաքոյր ըսելով հաւատքի անտեղեակութեան պատճառով վերցուցինք մեր համերաշխութիւնը: Ամէնէն լաւ դուք մեզ կը ճանչնայիք: Մենք հայերէն չէինք գիտեր, բայց դուք քրտերէն սովորեցաք, որպէսզի ձեր եղբայրներուն հասկնաք, իսկ անոնց ոչ մէկը կը հասկնար: Սակայն մենք ձեզի չէինք հասկցած, կամ գուցէ զարմացած էինք` մտածելով, որ ոչ մէկը մեզ կը հասկնայ, անոնք ինչպէ՞ս կը հասկնան: Մենք ձեր մահուան յանցակիցը դարձած էինք համոզումի ու հաւատքի անհիմն պատճառներով:

“Որքան ալ ցանկացանք մեր ձեռքը պարզել` խոստացուած հողերուն համար հաւատքի պատրուակը խանգարեց մեր եղբայրութիւնը: Մենք մոռցած էինք, որ մեր միակ եղբայրը դուք էք, հաւատացած էին, որ ձեզ սպաննելը մեզ դրախտ պիտի տանի: Մզկիթի վերածած ձեր եկեղեցիներուն մէջ քարոզ կը հնչէր: Ծախուած իմամները այդ օրերուն ժողովուրդին հրէշներու կը վերածէին, ձեզի դպչիլը նոնիսկ մեղք կը համարուէր: Ապրիլեան առաւօտներէն էր, երբ ձեր մահուան դիմաց դրախտի մէջ անմահութիւն կը խոստանային:

“Որքան ալ մասնատուեցաք, ձեր հեռանալէն ետք` մենակ մնալով հասկցանք, որ իրականութեան մէջ ոչ թէ դուք, այլ մենք էինք մասնատուողը:

“Ձեր հեռանալէն ետք մենք ալ Զիլանի մէջ կոտորուեցանք, Տերսիմի մէջ դարձեալ մեր հաւատքի զոհը դարձանք:

“Մեր կանայք ձեզ շատ կը սիրէին, նոյնիսկ, եթէ ձեր հաւատքի մէջ գլխաշոր կրել չկար, դուք յարգանքէ մեկնած կը ծածկէիք ձեր դեղնաւուն խոպոպները, սակայն մենք չհասկցանք ձեր իրական անկեղծութիւնը:

“Ղրիի մէջ (Արարատ) ձգած ձեր կարօտը մինչեւ Վան կը հասնէր, Մուշի հարթավայրի նման` ծովի պէս կ՛երկարէր ձեր յուսահատութիւնը` մեր տգիտութեան պատճառով:

“Պիթլիսի մէջ արմատ ձգած նուռը այլեւս համ չունէր: Ձեզի միայնակ ձգած էինք` մոռնալով, որ միայնութիւնը մեզի պիտի սպառէ: Այժմ կողք կողքի ենք, սակայն շատ հեռու` ճիշտ Հրանդ Տինքի նման: Իսկ դուք մեզի պաշտպանած էիք:

“Անցեալի դաւաճանութիւններուն զոհ դարձուցինք մէկս միւսը: Մեր հաւատքը սպառելով` միշտ վախցանք, ամչցանք եւ ոչ կրցանք ըսել` հայ ենք, ոչ ալ քիւրտ ըլլալէն ետք մեր մահը կրցանք կանխել: Այժմ կողք կողքի ենք, եւ հայերէն սովորելու հերթը մեզի հասած է: Անցեալի համար ներեցէք, անցեալը բարձրաձայնելու երես չունինք, սակայն ապագային դարձեալ միասնական ըլլալը մեր ձեռքն է…”:

www.tert.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին