Միաւորուած ազգերու Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հայկական լաւաշը համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու որոշումէն ետք Թուրքիոյ մէջ կրկին հակահայկական արշաւ սկսած է:
Թրքական լրատուամիջոցները այժմ կը պնդեն, թէ լաւաշը ոչ թէ հայկական, այլ թրքական եւ ատրպէյճանական հացատեսակ է: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am–ը:
Թրքական Sabah-ը կը գրէ, թէ Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ համատեղ նախապատրաստուած էր լաւաշը որպէս թրքական սննդատեսակ ընդգրկել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Թուրքերը կը պնդեն, թէ լաւաշը թրքական հարսանիքներու զարդը, եւ լաւաշ թխելու արարողութիւնը հարսանիքի արարողակարգի անբաժան մէկ մասը եղած է:
Աւելին` թուրքերը կը պնդեն, թէ հարսի ու փեսայի ուսին լաւաշ դնելը եւս թրքական սովորոյթ է` առատութիւն եւ բարեկեցութիւն կը խորհրդանշէ:
www.tert.am