Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունէն յայտնած են, որ 2013ին ընթացքին միջազգային պահեստները մեծապէս աճած են: Դրամատունը այս տուեալը փոխանցած է՝ ներկայացնելով Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին կողմէ իրականացուած երկիրներու միջազգային պահեստներու համեմատական վերլուծութիւնը:
Վերլուծութեան համաձայն՝ բոլոր չափորոշիչներով Հայաստանի միջազգային պահեստները աւելի քան բաւարար են եւ մտահոգութեան կարիք չկայ:
2013ին ստացուած են շուրջ 270 միլիոն տոլարի համարժէք դրամաշնորհներ եւ վարկեր, աւելին՝ տարուան երրորդ եռամսեակին եւրոպարտատոմսերու տեղաբաշխումէն ստացուած է շուրջ 690 միլիոն տոլար: Իբրեւ արդիւնք՝ երրորդ եռամսեակի աւարտին պահեստները կազմած են շուրջ 2.4 միլիառ տոլար:
Վերլուծութեան համաձայն՝ 2013 թուականի չորրորդ եռամսեակին կատարուած է 500 միլիոն տոլարի համարժէք Ռուսիոյ պարտքի մարում, որուն ազդեցութիւնը պահեստներուն վրայ մասամբ չէզոքացուած է Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին՝ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան մէջ Հայաստանի առեւտրական դրամատուներու հաշիւներու մնացորդներու աննախադէպ աճով՝ պայմանաւորուած միջազգային շուկային մէջ ձեւաւորուած ցած եկամտաբերութեան եւ իշխող բարձր անորոշութեան պայմաններուն մէջ օտար դրամատուներէ այդ միջոցներու արտահոսքով: Այս միջոցները, միջազգային պահեստներու հաշուառման կանոններուն համաձայն, մաս կը կազմեն միջազգային պահեստներուն: 2013 թուականին այս միջոցները աճած են շուրջ 350 միլիոն տոլարով: Միեւնոյն ժամանակ՝ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ միջդրամատնային շուկային մէջ իրականացուած է շուրջ 72 միլիոն տոլարի առք:
Իբրեւ արդիւնք՝ 2013 թուականի աւարտին Հայաստանի միջազգային պահեստները կազմած են շուրջ 2.25 միլիառ տոլար:
«2014 թուականի ընթացքում, ինչպէս եւ սպասւում էր, միջազգային պահուստները նուազել են առեւտրային բանկերի ցպահանջ հաշիւների խոշոր մնացորդների շուրջ 300 միլիոն տոլարին համարժէք նուազման, ինչպէս նաեւ՝ շուրջ 250 միլիոն տոլարին համարժէք արտաքին պարտքի սպասարկման հետեւանքով: 2014 թուականի երրորդ եռամսեակի վերջի դրութեամբ Հայաստանի միջազգային պահուստները կազմել են 1.7 միլիառ տոլար», նշուած է դրամատան վերլուծութեան մէջ:
www.panorama.am