Ուրբաթ, 04. 10. 2024

spot_img

Ամասիոյ Վերջին Հայը՝ Ռաֆայէլ Ալթունեան

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը, Հոկտեմբեր 6ի իր թիւով ներկայացուցած է ներկայ Թուրքիոյ Ամասիա քաղաքին մէջ ապրող վերջին հայ քաղաքացիի կեանքը, կենցաղն ու խնդիրները: Ստորեւ կը ներկայացնենք թերթի վերոնշեալ հրապարակումէն հատուած մը.
«Ամասիոյ մէջ ապրող վերջին հայը՝ Ռաֆայէլ Ալթունեանը, կամ անձնագիրով՝ Ֆարուք Ալթունը, Ամասիոյ մէջ ապրող վերջին հայն է: Գրեթէ ոչ ոք իր իրական ինքնութեան մասին տեղեակ է, որովհետեւ ան ինքնութիւնը թաքուն պահելով կ՛ապրի: Ճնշումէ եւ օտարացումէ խուսափելու համար, ան անունը փոխած է: Տունը, ուր անցուցած է մանկութիւնը, քաղաքապետարանը խլած է իրմէ, իսկ պապերուն եւ հօր գերեզմաններու վայրին վրայ իսլամական կրօնական վարժարան հիմնուած է: Ան կը պատմէ, որ հայ ըլլալուն պատճառով, դպրոցին մէջ ճնշումներու ենթարկուած է, իսկ բանակին մէջ ամենաշատ ծեծը իրեն բաժին ինկած է:

«Ծնած օրէս այստեղ կ՛ապրիմ եւ այս հողին վրայ կը ցանկամ թաղուիլ: Մարդ անհատը չի կրնար մերժել իր ինքնութիւնը, ես հա՛յ եմ, քրիստոնեա՛յ եմ: Միշտ ճնշուած եմ, իրաւունքներս ոտնահարուած են: Երբ ինծի հարց կու տան արմատներուս մասին, կը խուսափիմ պատասխանելէ»:

Ամասիա կը գտնուի Իրիս գետի ափին: Պատմութեան ընթացքին եղած է պոնտական թագաւորութեան մայրաքաղաքը: Թուրքերու կողմէ գրաւուած է 1392ին: Ըստ աւանդութեան՝ հիմնադրուած է Ալեքսանտր Մակեդոնացիին կողմէ, ի յիշատակ իր հօրեղբօր՝ Ամասիայի:
1830 թուականին, քաղաքը ունէր 30,000 բնակիչ, որուն 14,000ը՝ հայ: 1850ին հայերու թիւը հասած էր 17,000ի: Հայոց եկեղեցիներն էին Ս. Աստուածածինը, Ս. Նիկողոսը (1218), Ս. Յակոբը (1255), իրենց կից նախակրթական վարժարաններով:

 Ամասիոյ մէջ կ՛ապրէին նաեւ թուրքեր, յոյներ եւ հրեաներ: Ամասիոյ մէջ կը հրատարակուէին «Ամասիա» եւ «Ապառաժ» թերթերը, հոն կար առաջնորդարան ու ազգային հիւանդանոց: 1914-1918, Ամասիոյ հայերը ենթարկուեցան զանգուածային ջարդի ու ոչնչացման: 1929ին, Ամասիոյ մէջ մնացած էր միայն 400 հայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին