Երեւանի մէջ ընթացող խուլ-համրերու պատանիներու եւ երիտասարդներու ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան այսօր հիանալի հանդէս եկած է 50 քկ քաշային յունահռոմէական ոճի երիտասարդ ըմբիշ Սեւակ Սերոբեանը: Ան հռչակուած է խուլ ու համրերու երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան: Հայաստանի հաշուին արձանագրուած է նաեւ պրոնզէ մետալ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի ըմբշամարտի դաշնութիւնը:
Նախապէս յունահռոմէականներու պատանիներու պայքարին արծաթէ մետալ նուաճած էին 54 քկ քաշային Սամուէլ Յովհաննիսեանն ու 58 քկ քաշային Արգիշտի Բաբայեանը:
Ազատ ոճայինները հանդէս պիտի գան Հոկտեմբեր 7-ին եւ 8-ին: