Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Գէորգ Սահակեանը եւ Կարապետ Չալեանը Աշխարհի Բանակային Առաջնութեան Ախոյեաններ

ԱՄՆ-ի Նիւ Ճըրսի քաղաքին մէջ ընթացող բանակայիններու ըմբշամարտի 29-րդ աշխարհի առաջնութեան յունահռոմէական ոճի մրցաշարի 1-ին օրը փայլուն հանդէս եկած են Հայաստանի պատուիրակները. մրցագորգ ելած մեր բոլոր 4 ըմբիշներն ալ անմասն չեն մնացած խաղարկուող մրցանակներէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի ըմբշմարտի դաշնութիւնը:

Էդուարդ Սահակեանի ղեկավարութեամբ ելոյթ ունեցած ըմբիշներէն երկուքը` Գէորգ Սահակեանը (66 քկ) եւ Կարապետ Չալեանը (75 քկ) յաղթանակով աւարտած են իրենց իրականացուցած բոլոր գօտեմարտերն ու խմբային 15-ական միաւոր պարգեւելով Հայաստանի հաւաքականին` արժանացած են ոսկէ մետալներու:

66 քկ քաշային Գէորգ Սահակեանը, որ անցեալ տարի այս մրցաշարին դարձած էր աշխարհի փոխախոյեան, այս անգամ բարելաւած է իր ցուցանիշը եւ արծաթը փոխարինած է ոսկիով: Գէորգը՝ առանց մեծ դժուարութեան՝ նախնական փուլերուն բացայայտ առաւելութեամբ յաղթանակներ տօնած է մոնկոլ Պէամպարոճի եւ եգիպտացի Սայետ Սայետի նկատմամբ: Ապա կիսաեզրափակիչին՝ 5:1 հաշուով պարտութեան մատնած է գերմանացի Տենիզ Մենեգսին: Իսկ եզրափակիչին՝ Սահակեանէն ընդամէնը 1 վայրկեան 34 երկվայրկեան պահանջուած է գետնելու եւ մաքուր յաղթանակ տօնելու ամերիկացի Պրիք Սատորիսի նկատմամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին