Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Հայաստանը Շուտով Կը Դառնայ Ոսկեգործութեան Տարածաշրջանային Կեդրոն

Հայաստանը կը վերականգնէ ոսկեգործական իր աւանդոյթները եւ կը պատրաստուի դառնալ ոսկեգործութեան տարածաշրջանային կեդրոն: Նպատակը իրագործելի դարձնելու համար արդէն 4-րդ տարին անընդմէջ «Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութիւն»-ը (AJA) Հայաստան կը բերէ աշխարհի լաւագոյն ոսկեգործական ընկերութիւններն ու ոսկերիչները` միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն տալով տեղի մասնագէտներուն ներկայացնելու իրենց աշխատանքները: Այս տարի եւս Հոկտեմբերը Հայաստանի մէջ կը վերածուի ոսկերչական տօնի: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:

Երեւանի մէջ արդէն 4-րդ անգամ “Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութիւն”-ը (AJA) կը կազմակերպէ “Yerevan Show 2014” ոսկերչական ցուցահանդէսը` նորաբաց “Մերիտիան” էքսփօ կեդրոնին մէջ: Ցուցահանդէսը այս տարի կը հիւրընկալէ շուրջ 27 երկրի (ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Պելճիքայէն, Զուիցերիայէն, Չեխիայէն, Ռուսաստանէն, Թուրքիայէն, ԱՄԷ-էն, Մեծ Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Քուէյթէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Արժանթինէն, Ճաբոնէն, Պելառուսիայէն, Աւստրալիայէն, Էսթոնիայէն եւ այլն) յայտնի ոսկերչական եւ ժամագործական աւելի քան 150 մասնակից ընկերութիւն, մ ոտ 500 արտասահմանեան գնորդներու, փորձագէտներու եւ բարձրաստիճան հիւրերու: Միաժամանակ ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին մօտ 25 տեղական ընկերութիւններ:

«Yerevan Show 2014»-ի պատուաւոր հիւրերն են Համաշխարհային ոսկերչական համադաշնութեան (CIBJO) նախագահ Կաեդանօ Գաւալիերին, «VICENZAORO» միջազգային ցուցահանդէսի կազմակերպիչ` Fierra di Vicenza ընկերութեան գործադիր տնօրէն Գորատօ Ֆագոն, Ռուսաստանի Պետական գանձարանի (ГОХРАН) ղեկավար Անտրէյ Իւրինինը, Ադամանդ արտադրողներու միջազգային ընկերակցութեան (IDMA) նախագահ Մաքսիմ Շգատովը, Իսրայէլի ոսկերիչ արտադրողներու միութեան գործադիր տնօրէն Իցխակ Պենտորը, Լոնտոնի ալմաստի պորսայի նախագահ Կարի Լեւինը, ինչպէս նաեւ հանրահռչակ Տէ Պիրս եւ ԱԼՌՈՍԱՅ ընկերութիւններու ղեկավարները:

Ոսկերչական տօնը այս տարի պիտի համալրէ «Yerevan Fashion Week. Golden lace» նորաձեւութեան շաբաթը: Անիկա Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպուի առաջին անգամ եւ պիտի կրէ շարունակական բնոյթ: Նորաձեւութեան ցուցադրութեան ընթացքին իրենց հաւաքածուները պիտի ներկայացնեն մոտելաւորողներ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն եւ ԱՄՆ-էն: Պիտի ցուցադրուին նաեւ Հայաստանի մէջ ներկայացուած նշանաւոր խանութներ: Ցուցահանդէսի նպատակն է երիտասարդ եւ արդէն կայացած հայ տիզայնըրներու, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ մոտելաւորողներու համար հարթակ հանդիսանալ` ներկայացնելու իրենց հաաքածուները, որ իր հերթին պիտի խթանէ Հայաստանի մէջ հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան զարգացումը: Այս եռօրեայ ցուցադրութիւնը պիտի իրականանայ “Մերիտիան” էքսփօ կեդրոնին մէջ Հոկտեմբեր 24-26: Կազմակերպիչներն են “Մերիտիա” էքսփօ կեդրոնը եւ “Ատեքս” նորաձեւութեան կեդրոնը:

“Հայաստանը ոսկեգործութեան տարածաշրջանային կեդրոն”

ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Արդիւնաբերութեան զարգացման հիմնադրամը AJA-ի հետ համատեղ կը կազմակերպէ տարածաշրջանային համաժողով` “Հայաստանը ոսկեգործութեան տարածաշրջանային կեդրոն” թեմայով: Համաժողովի հիմնական նիստին ելոյթով հանդէս պիտի գան ՀՀ կառավարութեան շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարները եւ ոլորտի միջազգային կառոյցներու ղեկավարներն ու փորձագէտները: Համաժողովի ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուին ոլորտային կլոր սեղաններ երկու հիմնական ուղղութիւններով` ոսկեգործութիւն եւ ադամանդագործութիւն:

“Armenian Art Fair” հայ գեղանկարիչներու ցուցահանդէս

“Մերիտիան” էքսփօ կեդրոնին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներու շարքին իր ուրոյն տեղը պիտի ունենայ հայ գեղանկարիչներու “Armenian Art Fair” ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսի օրերն են Հոկտեմբեր 24-28:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին