Շարք մը թուրք մտաւորականներ արձագանգեցին թրքական դպրոցական դասագիրքերուն մէջ հայերու նկատմամբ թշնամանք սերմանող ձեւակերպումներուն: Թուրք մտաւորականները իրենց կոչին մէջ կը յայտնեն, թէ իրենք կ’ամչնան յատկապէս 2015-ի նախօրէին, իրենց երեխաներուն կողմէ դասագիրքերէն քաղելիք նման այլանդակութիւններուն համար : Մտաւորականները կը պահանջեն անմիջապէս ներողութիւն խնդրել Թուրքիոյ հայ աշակերտներէն եւ դպրոցներէն հաւաքել յիշեալ դասագիրքերը:
Յիշեալ կոչ-բողոքին տակ ստորագրած են ծանօթ թուրք մտաւորականներ Պասքըն Օրանը, Այշէ Կիւնայսուն, Ահմէտ Ալթանը, Ալի Նեսինը, Թանէր Աքչամը եւ ուրիշներ: