Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցին Կը Վերադարձուի 150 Միլիոն Տոլար Արժող Հողամասը

Թրքական «Միլլիյէթ» թերթի կայքին վրայ, Մերթ Ինանի ստորագրութեամբ, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 26ին հաղորդուեցաւ, որ Ս. Փրկիչ Հայոց հիւանդանոցին դիմաց գտնուղ 42,259 քառակուսի մեթր հողամասը վերջնականապէս վերադարձուած է Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին, որ նախկին սեփականատէրն էր այս տարածութեան։

Այս շատ ընդարձակ հողամասին վրայ կը գտնուի նաեւ «Զէյթինպուրնու» մարզադաշտը։ Այս հողամասը, հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գնահատումով, այսօր ունի 338 միլիոն թրքական լիրա (150 միլիոն տոլար) արժէք։ «Հողամասը պիտի օգտագործուի լաւագոյն ձեւով, հոն պիտի կառուցուի պանդոկ կամ առեւտուրի կեդրոն, հասոյթը պիտի տրամադրուի հիւանդանոցի կարիքներուն ու համայնքին կարիքաւոր հիմնարկութիւններուն», ըսած է ատենապետը։

Թղթակիցը մանրամասնօրէն կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս հիւանդանոցը դիմեց այդ հողամասը ետ պահանջելու, Վագըֆներու տնօրէնութիւնը ընդունեց դիմումը ու որոշեց հողամասը վերադարձնել, բայց Զէյթինպուրնուի քաղաքապետութիւնը առարկեց ու դատարան դիմեց, որպէսզի որոշումին գործադրութիւնը կասեցնէ։ Դատարանը Զէյթինպուրնուի քաղաքապետութեան դիմումը մերժեց, որովհետեւ անիկա իր դիմումը ըրած է ուշացած կերպով ու այժմ հողամասը այլեւս կը պատկանի Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին։

Պետրոս Շիրինօղլու ըսած է, թէ ինք արդէն վստահ էր, որ դատարանը իրենց ի նպաստ որոշում պիտի ընդունի։ Ան նշած է, որ այս մասին քանիցս խօսած է նաեւ այդ ժամանակուան վարչապետ Էրտողանի հետ։ Առաջին առիթով, վերադարձուած է երկու հազար մեթր քառակուսի հողամաս մը։

Շիրինօղլու ըսած է նաեւ, որ այս հողամասը հիւանդանոցին համար գնուած ու նուիրուած էր մօտիկ անցեալի «քարիւղի իշխան» Գալուստ Կիւլպէնկեանին կողմէ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին