Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Մուշի Հայերու Միութիւնը Նախագահ Պիտի Ընտրէ

Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող Մուշ քաղաքին մէջ վերջերս հիմնուած հայերու միութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթ ընտրելու միութեան նախագահը:

Ըստ «Ակօս» թերթին՝ Մուշի մէջ հիմնուած «Տարօն-Մուշ հայերու փոխօգնութեան, ընկերային եւ զբօսաշրջութեան միութիւնը արդէն ընտրած է 7 հոգինոց ղեկավար մարմին մը եւ պաշտօնապէս արձանագրուելու համար դիմում ներկայացուցած է պատկան մարմիններուն:

Միութեան ղեկավար մարմինի անդամ, Մուշի բնակիչ Արմէն Գալուստեան «Ակօս»ին յայտնած է, թէ դժուար եղած է Մուշի մէջ հայերու միութիւն հիմնելը, սակայն հիմնումէն ետք բազմաթիւ դրական արձագանգներ հնչած են:

Ան նշած է, թէ իրենց միութեան առաջին գործը եղած է Մուշի հայերուն պատկանող մշակութային կառոյցներու պահպանման համար աշխատանքներու ձեռնարկելը: «Միութիւնը կը փափաքի, որ Մուշի հայկական եկեղեցին իրեն յանձնուի, որպէսզի կարենանք վերանորոգել զայն: Այդ նպատակով, կը բանակցինք քաղաքապետարանին հետ: Բացի ատկէ, կրցած ենք պաշտօնապէս արձանագրել հայկական գերեզմաննոցը՝ պահպանութեան տակ առնելու համար զայն», շեշտած է Արմէն Գալուստեան, յիշեցնելով, որ միութեան համար նոր շէնք կառուցելու եւ հայերէն դասընթացքներ կազմակերպելու ծրագիրներ եւս կը մշակուին:

Սեպտեմբեր 11-ին, Մուշի մէջ տեղի ունեցած էր հայերու միութեան բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցած էին նաեւ Սփիւռքէն ժամանած հայեր եւ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն շարք մը անդամներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին